Դամասկոսի հայութիւնը Հինգշաբթի, 31 մայիսին վերջին հրաժեշտ տուաւ սուրիական բանակին
մէջ ծառայող Լեւոն Գույումճեանին, որ 29 Մայիսին նահատակուած էր Թուրքիա-Սուրիա սահմանին
մօտ գտնուող Աթարեպ շրջանին մէջ: (Այս մասին կը յայտնէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը) ։Յուղարկաւորութեան
արարողութիւնը կատարուեցաւ Դամասկոսի Հայ Առաքելական Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ: 1992-ին
Դամասկոսի մէջ ծնած Լեւոն Գույումճեան սուրիական տագնապին ընթացքին արձանագրուած 4-րդ
հայ զոհն է: Արդարեւ Փետրուարին այլ հայ զինծառայող մը` Վիգէն Հայրապետեան զոհ գացած
էր Հալէպի մէջ ականուած ինքնաշարժի մը պայթումին, անոր կողքին զոհ գացած էր նաեւ հայ
քաղաքացի մը` Արաքսի Պետրոսեան, իսկ Հոմսի մէջ սպաննուած էր Ռաֆֆի Գրաճեան: