2012-06-03 09:30:22

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Հանդիպումը Միլանոյի Քաղաքական, Զինուորական Եւ Տնտեսական Աշխարհի Ներկայցուցիչներուն Հետ։


Շաբաթ 2 յունիս 2012, յետ միջօրէին (ժամը 17-ին) Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ Միլանոյի քաղաքական, զինուորական եւ տնտեսական աշխարհի ներկայցուցիչներու հետ։ Սրբազան Հայրը անոնց ուղղած ճառին մէջ, իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն հանդիպումին համար որ նշան է, ըսաւ ան, Սուրբ Աթոռի հանդէպ ձեր ունեցած գնահատանքին ու յարգանքին. զգացումներ՝ որոնք կը թոյլատրեն ինծի, որ ես ալ իմ կարգիս յայտնեմ գնահատանքս ձեր տարած աշխատանքին համար Միլանոյի եւ Լոմպարտիայի բնակչութեան բարօրութեան ի խնդիր ։
Նորին Սրբութիւնը ապա խօսելէ ետք Միլանոյի Թեմի հիմնադիր եւ Միլանոյի Պաշտպան Սուրբ՝ Ամպրոզիոսին մասին, որ ստանձնելէ առաջ իր հովուական առաքելութիւնը եղած էր կառավարիչ Լիկուրիա եւ Էմիլիա նահանգներուն, ըսաւ .
Սուրբ Ամպրոզիոսը կը յիշեցնէ թէ <<Իշխանութեան հեղինակութիւնը Աստուծմէ կը բխի եւ զայն մատակարարողը Աստուծոյ սպասարկող է։ Ոչ մէկ մարդկային իշխանութիւն կրնայ ՜՜Աստուածային՝՝ նկատուիլ. ուրեմն ոչ մէկ մարդկային էակ իր նմանին տէրն է։ Հուսկ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Սուրբ Ամպրոզիոսի վարդապետութեան այլ մէկ յատկանիշին՝ ՜՜արդարութեան՝՝ առաքինութիւն մը՝ որ ի նպաստ է հասարակաց բարիքին։ Այս առաքինութեան հետ կայ նաեւ ՜՜ազատութեան սէրը՝՝։ Արդարեւ ազատութիւնը առանձնաշնորհում մը չէ քիչերու համար այլ բոլորին հիմնական իրաւունքն է, որը քաղքացիական իշխանութիւնները պարտականութիւնն ունին երաշխաւորելու ժողովուրդին։
՜՜Ազատութիւն՝՝ չի նշանակեր անհատի ազատ կամքը կատարել, այլ յարգանք մերձաւորին պահանջքերուն։ Պետութեան պարտականութիւնն է ազատութիւնը երաշխաւորել, միշտ յարգելով միւսը եւ օրէնքի գործադրումը որ բոլորին բարիքին կը ձգտի։ Սրբազան Քահանայապերը, հրաւիրեց պատկան իշխանութիւնները յարգելու անհատի արժանապատութիւնը սկսելով կեանքի յարգանքէն։ Ու այս ուղղութեամբ՝ թելադրեց եկեղեցւոյ հետ ունենալ շինիչ համագործակցութիւն մը, որով իւրաքանչիւր մարդ յարգէ միւսին դերը։ Հուսկ եզրափակեց իր խօսքը տալով բոլորին իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.