Ուրբաթագիրքի Եւ Հնատիպ Գիրքերու Ցուցահանդէսի Բացում Պէյրութի Մէջ։
Հովանաւորութեամբ՝ Ամեն. Տէր Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս-Պատրիարքի և
Զմմառու Վանքի, ինչպէս նաեւ համատեղ գործակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Ս.Գրիգոր
Նարեկացի Մշակութային կեդրոնի և Քասլիք Համալսարանի ու Փիւնիկ կեդրոնի, Քասլիքի Համալսարանի
մէջ բացուեցաւ 8-րդ Ցուցահանդէսը ՜՜Հնատիպ Գիրքերու և Ձեռագիրներու՝՝ զոր կ'ընդգրկէ
նմոյշներ Զմմառու Վերափոխեալ Կուսի Վանքի գանձերէն: Այս տարի ՜՜Ուրբաթագիրքը՝՝ բոլորեց
իր տպագրութեան 500-ամեակը, որպէս առաջին հայերէն տպագիր գիրք: Զմմառու վանքը սեփականատէրն
է ՜՜Ուրբաթագիրքի՝՝ միակ օրինակին Լիբանանի մէջ, ու նաեւ հնատիպ այլ հայերէն գիրքեր
տարբեր քաղաքներու և տարբեր ժամանակներու մէջ տպուած: Ցուցահանդէսին մէջ կարելի եղաւ
տեսնել խոշոր քարտէսը, որուն վրայ ուրուագծուած էր աշխարհի տարբեր երկիրներու և տպագրութեան
մեծ կեդրոններու մէջ հայ գրքի տպարանները: Ցուցահանդէսին շատ քիչ թանգարանային իրեր տրամադրուած
էին: Սակայն Քասլիքի կազմակերպիչ մարմնի կողմէն նկարուած և մեծ գունաւոր պաստառներու
վրայ ցուցադրուած էին, ինչ որ չէր բերուած Զմմառու թանգարանէն, որ Լիբանանի եկեղեցական
թանգարաններու մէջ ամենահինն ու կարեւորագոյնն կը համարուի իր տարողութեամբ և որակով:
Այս առթիւ նաեւ Զմմառու քաղցր գինիի մեծ հաւաքածոյ մը տարուած էր հոն: Ամեն. Հոգեւոր
Տէրը, խօսք առաւ այս առթիւ և վեր հանեց Հայոց տպագրութեան մեծ դերին գիտութեան տարածման
նուիրական գործին մէջ: Ապա գովեց Քասլիք Համալսարանի լուսաւորման գործունէութիւնը Լիբանանի
մէջ: Խօսք առաւ նաեւ Զմմառու Վանահայրը որ իր խօսքին մէջ, շեշտեց թէ այս ցուցահանդէսը
նախաճաշակն է աւելի մեծ ցուցահանդէսի մը, զոր տեղի պիտի ունենայ այս տարուայ Հոկտեմբերին
Զմմառու Վանքին մէջ, Ուրբաթագրքի 500-ամեակի և Վանքի նոր գրադարանի բացման առիթով:
Ամէն տարի նման Ցուցահանդէս կը կատարուի Քասլիքի մէջ, սակայն առաջին անգամն էր որ
Հայոց գանձերուն տեղ կը տրուէր. նախապէս անդրադարձած կատարուած էր Լիբանանի՝ Մեծ Էմիրներու,
Մարոնիթ և Ասորի Պատրիարքներուն, եւ այս անգամ ալ (ինչպէս ըսինք) տեղ տրուած է Հայոց՝
քանզի առաջին հայերէն հնատիպի մասին չանդրադառնալը մեծ կորուստ մը պիտի նկատուէր ընդհանրապէս
Լիբանանի մշակութային ոլորտէն ներս: Ցուցահանդէսը սկիզբ առած 31 մայիսին եւ որ կը տեւէ
մինչեւ 7 յունիս, կ'ընդգրկէ Լիբանանահայ այլ մշակոյթի գործիչներու կարեւոր գործեր.
ինչպէս՝ Լուսին Գաբրիէլեանի Մանրանկարային նկարչութեան գործերը և Շահէ Տէր Յարութիւնեանի
իւղանկարները: Ցուցահանդէսի ընթացքին համերգով Լիբանահայ երիտասարդներու խումբ մը և Հայ
Կաթողիկէ Կռունկ երգչախումբը, ելոյթ պիտի ունենան, առաւելապէս ճոխացնելու այս ցուցահանդէսը: