2012-06-02 12:36:55

Ալիս Պետրոսեան Եւ Ճոյս Փիլիպոսեան-Սթայն Կ՛արժանանան «Էլիս Այլըտ»ի Շքանշանին .


2012ի «Էլիս Այլըտ» շքանշանին արժանացողներուն շարքին մէջ տեղ գրաւած են կրթական մարզին մէջ երկարամեայ սպասարկութիւն մատուցող Ալիս Պետրոսեանը եւ բարերար Ճոյս Փիլիպոսեան-Սթայնը: Ալիս Պետրոսեան ներկայիս նախագահն է Քալիֆորնիոյ վարժարաններու տնօրէններու միութեան, իսկ վերջին 42 տարիներու ընթացքին տարբեր մարզերու մէջ նպաստած է Քալիֆորնիոյ աշակերտութեան կրթութեան մակարդակի բարելաւման: Ան 31 տարուան սպասարկութիւն ունի Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանին մէջ. 12 տարիներու ընթացքին եղած է քաղաքի կրթական սպասարկութեանց վերահսկիչի օգնական: : Ան նաեւ 11 տարիներ դասաւանդած է Կլենտէյլ եւ Հէյուըրտ քաղաքներուն մէջ


Իր կարգին, Նիւ Եորք ծնած եւ ներկայիս Քալիֆորնիոյ Ինտիըն Ուելզ քաղաքը հաստատուած Ճոյս Փիլիպոսեան-Սթայն ծանօթ է իր մարդասիրական գործունէութեամբ եւ անդամ է Ամերիկայի հայ աւետարանչական միութեան վարչութեան, նաեւ համանախագահն է նոյն միութեան Որբերու եւ երեխաներու հոգատարութեան յանձնախումբին, եւ հոգաբարձութեան անդամ՝ Ստեփան Փիլիպոսեանի անուան հիմնադրամին եւ Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանին: Ան զաւակն է «Հայկազեան»ի հիմնադիրներէն Ստեփան եւ Սրփուհի Փիլիպոսեաններուն, որոնք Նիւ Փորքի Էլիս կղզիէն անցնելով՝ Միացեալ Նահանգներ մուտք գործած են:

«Էլիս Այլըտ»ի շքանշանը կը շնորհուի Միացեալ Նահանգներու Ցեղային կազմակերպութեանց ազգային համախմբումին կողմէ, նպատակ ունենալով ցեղային եւ կրօնական տարբեր խմբաւորումներու միջեւ հասկացողութիւնն ու յարգանքը զօրացնել: Շքանշնաը կը շնորհուի անոնց, որոնք երկիրին իրենց տրամադրած սպասարկութեանց կողքին, յատկանշական ներդրում ունեցած են նաեւ իրենց ազգային համայքներու կեանքին մէջ: Շքանշանը պաշտօնապէս ճանչցուած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին կողմէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.