2012-06-01 11:43:56

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Խօսքը Մարեմեան Ամսուայ Փակման Առթիւ։


Հինգշաբթի 31 մայիսի երեկոյեան, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի շքեղ պարտէզներու մէջ գտնուող՝ Լուրտի Տիրամօր նուիրուած Քարայրին առջեւ եզրափակեց Մարեմեան ջերմեռանդութեան ամիսը։
Իր արտասանած խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը նախ ուրախութիւն յայտնեց Տիրամօր նուիրուած այս արարողութեան մասնակցելուն համար որ ունի <<մտերիմ ու ընտանեկան բնոյթ>> - ըսաւ Ան - ապա անդրադարձաւ Մայիս ամսուայ փակման ծիսական երեւոյթին որ -ըստ լատինաց- կ՛եզրափակուի << Ուրախութեան երկրորդ խորհուրդով- Մարիամու Եղիսաբէթի մօտ կատարած այցը>>։
Մեծացուսցէն -ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - Աստուծոյ ողորմութեամբ փրկուած մարդկութեան գոհաբանական օրհներգն է ու միեւնոյն ատեն ամբաստանութիւն մը բոլոր անոնց դէմ որ իրենք զիրենք պատմութեան ու իրենց ճակատագրին դատաւորներ կը նկատեն ։ Այս երեւոյթին հակառակ Մարիամի համար Աստուած եղաւ իր կեանքի կեդրոնը ու վստահութեամբ եւ հեզութեամբ ինքզինք յանձնեց Անոր կամքին։ Այս իրեն հոգւոյ աղքատութեան եւ սրտի խոնարհութեան համար` Ան ընտրուեցաւ ըլլալու Տաճար Բանին - Մարդացած Աստուծոյն։

Սիրելի բարեկամներ այս երեկոյ, զաւկի մը սիրալիր զգացումներով, մեր նայուածքը յարենք դէպի Մարիամը։ Ամէնքս ալ բան մը ունինք սորվելու մեր Երկնային Մօրմէն։ Անոր հաւատքը մեզ կը հրաւիրէ նայելու երեւոյթներէն անդին եւ հաստատակամօրէն հաւատալու թէ առօրեայ դժուարութիւնները պատրաստութիւն մըն են նոր գարունի մը որ սկիզբ առաւ Քրիստոսի Յարութեամբ։
Մարիամու Մաքուր սրտին հետեւելով վարակուինք անոր ուրախութենէն որուն աղբիւրը Տիրոջ մօտ է։ Ուրախութիւնը որ Սուրբ Հոգւոյ պտուղն է, քրիստոնեայի հիմնական յատկանիշն է որ Աստուծոյ վրայ կը դնէ իր յոյսը, զօրութիւն կը գտնէ առօրեայ աղօթքին մէջ, եւ թոյլ կու տայ հանդարտութեամբ դիմագրաւելու դժուարութիւնները։

Սիրելիներ - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով իր խօսքը - կ՛ուզեմ ձեզմէ ամէն մէկուն մաղթել որ այս հոգեպարար ուրախ լուրը որ կը ժայթքի մեր ու Քրիստոսի Մօր սրտէն, ամրապնդուի նաեւ մեր հոգիներուն մէջ, մեր անձնական ու ընտանեկան կեանքին մէջ, ոեւէ միջավայրի մէջ ու մասնաւորապէս այս ընտանիքի կեանքին մէջ որ հոս վատիկանէն կը ծառայէ տիեզերական եկեղեցւոյ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.