2012-06-01 12:45:08

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Յունիս 1-էն 3-ը Կը Մասնակցի Ընտանիքի Եօթներորդ Համաշխարհային Հանդիպումին ։


Ամբողջ աշխարհէն ընտանիքներ պատրաստ են ողջագուրելու Սրբազան Հայրը Միլանոյի մէջ։
Կարտինալ Պանիասքօ՝ նախագահը Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին Ռատիովատիկանի տուած ասուլիսին ընթացքին ըսած է.
՜՜Սրբազան Հայրը կը սպասենք մեծ ուրախութեամբ եւ մեծ երախտագիտութեամբ։ Անոր ներկայութիւնը մեր մէջ շնորհք է. ու նաեւ իր խօսքերը։
Սրբազան հայրը հոս պիտի գտնէ ընտանիքներու բազմութիւն մը որ զինք կը սպասէ, զինք կը սիրէ եւ իր շուրջ պիտի խմբուի ներկայացնելով աշխարհի կաթողիկէ եկեղեցւոյ բոլոր ընտանիքները ու նաեւ համաշխարհային առումով ՜՜ընտանիքը՝՝ որ ինքնին հիմնական դեր ունի, ու անփոխարինելի ու անզուգական կորիզն է ընկերութեան եւ մարդկութեան։
Կարտինալը այս առթիւ խօսեցաւ նաեւ ՜՜ Ընտանիքի՝՝ կարեւոր դերին մասին որ հիմն է կեանքի, մարդկային ու կրօնական դաստիարակութեան։
՜՜Սրբազան Քահանայապետին այս հանդիպումը ընտանիքներու հետ, կը կայանայ եկեղեցւոյ համար այս դժուարին պահերուն. ինչ է ձեր կարծիքը այս հարցին շուրջ՝՝ հարցումին' կարտինալ Պանիասքօ ըսաւ.
՜՜Աստուծոյ ժողովուրդը ունի ամուր հաւատք՝ որ արմատացած է իր սրտին մէջ. եւ մեծ սէր ունի Սրբզ. Հօր՝ Ս Պետրոսի յաջորդին հանդէպ, ու նաեւ եպիսկոպոսներու հանդէպ որոնք անոր անմիջական գործակիցներն են ու առաքեալներու յաջորդները ։ Աստուծոյ ժողովուրդը բնական կերպով գիտէ զանազանել մարդկային վիճակը եւ հաւատքով ու սիրով կը նայի Քրիստոսի հիմնած եկեղեցւոյ որուն գլուխը է Սրբզ. Քահանայապետն է ։ Արդ պէտք է հաւատքը սնուցանել ինչպէս որ Սրբզ. Քահանայապետը կը հրաւիրէ ՜՜Հաւատքի Տարւոյն՝՝ հռչակումովը։ Պէտք է հաւատքի հայեացք ունենանք, եւ հաւատքի աչքով նայինք հարցերուն։ Եթէ հաւատք ունինք ոչ մէկ բանէ կը վախնանք։








All the contents on this site are copyrighted ©.