2012-06-01 11:45:56

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Միլանօ Կը Մեկնի Մասնակցելու Ընտանիքներու 7րդ Համաշխարհային Հաւաքին։


Յունիս 1-ի՝ յետ միջօրէի ժամը 4ին, Հռոմի Չամբինօ օդակայանէն մեկնեցաւ դէպի Միլանոյի Լինադէ օդակայանը ուր ժամանեց ժամը 5ին եւ ուր զինք դիմաւորեցին քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութիւններու ներկայացուցիչները։ ։
Միլանօ ժամանելէն անմիջապէս ետք՝ Սրբազան Հայրը ուղղուեցաւ Միլանոյի <> գլխաւոր հրապարակը, ուր հանդիպում ունեցաւ հաւատացեալներուն հետ ու անոնց ուղղեց իր հայրական խօսքը։

Միլանօ կատարած իր հովուական այցելութեան առթիւ ուրբաթ 1 յունիսի երեկոյեան ժամը 19.30 անց Սրբազան Հայրը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Միլանոյի աշխարհահռչակ Սքալա Թատերասրահին մէջ, իրեն ի պատիւ՝ ներկայացուած համերգին, որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը Ճառ մը պիտի արտասանէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.