2012-06-01 11:44:23

Ընտանիքներու Համաշխարհային Հանդիպումները։


Միլանոյի մէջ չորեքշաբթի 30 մայիսին սկիզբ առաւ Ընտանիքներու Համաշխարհային 7րդ Հանդիպումը << <<Ընտանիքը։ աշխատանքը եւ Տօնը>> վերտարութեամբ։
Ընտանիքներու Համաշխարհային Հանդիպումները սկիզբ առած են 1994ին երջանկայիշատակ ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապետի օրով, 6 յունիս 1993 -ին յայտարարուած <<Ընտանիքի Միջազգային Օրուայ>> առթիւ։ Սոյն օրուայ բնաբանը եղած էր <<Ընտանիք. սիրոյ քաղաքակրթութեան սիրտ>>։
Հանդիպումներու երկրորդ հանգրուանը, ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապետի նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ Պրազիլի Ռիօ Տէ Ժանէյրօյի մէջ 1997-ին եւ ունէր որպէս բնաբան <<ընտանիքը. Պարգեւ եւ յանձնառում, մարդկութեան Յոյս։>> Ընտանիքներու 3-րդ Համաշխարհային Հանդիպումը նշուեցաւ դարձեալ Հռոմի մէջ 2000-ի՝ յոբելենական տարւոյն առթիւ։ Անոր նշանաբանն էր <<զաւակները, ընտանիքի եւ ընկերութեան գարունը>>։ Չորրորդ հանդիպումը կատարուեցաւ Փիլիպեան կղզեախումբի Մանիլա Քաղաքին մէջ 2003ին <<Քրիստոնեայ ընտանիքը բարի աւետիս մը երրորդ հազարամիայի սեմին>> նշանաբանով, մինչ 2006-ին Սպանիոյ Վալէնսիա քաղաքի մէջ է որ նշուեցաւ ընտանիքներու համաշխարհային 5րդ հանգրուանը Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի նախագահութեամբ։ Ապա 2009 -ին ընտանիքներու Համաշխարհային 6րդ հանդիպումը նշուեցաւ Մէքսիքոյի մէջ <<ընտանիքը քրիտոնէական եւ մարդկային արժէքներ կազմող>> վերատառութեամբ։
Իսկ այս օրերուն (31 Մայիէն 3 - յունիս 2012) Միլանոյի մէջ կը նշուի Ընտանիքներու 7-րդ Համաշխարհային Հանդիպումը։ Յայտնենք որ սոյն հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Սուրբ Երկրէն ժամանած Պաղեստինցի ընտանինքեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.