2012-05-31 12:19:56

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։
Մարեմեան Ամսուայ Փակում։


Հինգշաբթի 31 մայիսի երեկոյեան, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի շքեղ պարտէզներու մէջ գտնուող՝ Լուրտի Տիրամօր նուիրուած Քարայրին առջեւ կ՛եզրափակէ Մարեմեան ջերմեռանդութեան ամիսը։
Ժամը 9­ին հաւատացեալները թափօրով կ՛ուղղուին վերոյիշեալ քարայրին մօտ ուր տեղի կ՛ունենայ Ս. Վարդարանի աղօթքը, Վատիկանի Ընդհանուր Տեղապահ Կարտինալ Անճէլօ Գոմասդրիի նախագահութեամբ։ Հուսկ ժամը 9ին անոնց կը միանայ Նորին Սրբութիւնը եզրափակիչ աղօթքը կատարելու որուն ընթացքին հայրական խօսքը կ՝արտասանէ ապա ներկաներուն կու տայ իր Առաքելական օրհնութիւնը։
Նշենք որ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ուրբաթ 1 յունիսի յետ միջօրէին կը մեկնի Միլանօ մասնակցելու եւ եզրափակելու Ընտանինքներու Համաշխարդային 7րդ Հաւաքը։



Քահանայապետը Իր Ցաւակցութիւնը Կը Յայտնէ Ի Լուր Հիւսիսային Իտալիոյ Կարգ Մը Վայրերու Մէջ Տեղի Ունեցած Երկրաշարժին։
Իտալիոյ հիւիսային շրջանը, այս օրերուն,զոհ գացած է երկրաշարժի, որուն հետեւանքով շատ մը պատմական շէնքեր ու եկեղեցիներ վնասուած են ու բազմաթիւ տուներ հիմնայատակ եղած են։ Ցնցումները զգալի եղած են Միլանօ, ֆիրենցէ ու Վենետիկ քաղաքներու մէջ։ Ի լուր այս ողբերգութեան, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ցաւակցութիւն յայտնած է երկրաշարժի զոհերու ընտանիքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.