2012-05-31 12:21:19

Կաթողիկէ Քահանայ Մը Աղօթք Ու Ծոմապահութիւն Կը Կատարէ, Աստուծմէ Հայցելով՝ Խաղաղութեան Ու Անդորրութեան Շնորհքը, Սուրիոյ Բոլոր Բնակիչներուն Համար։


Կաթողիկէ եկեղեցական մը յոյսի ու սիրոյ ջահը վառած է, աղօթք ու ծոմապահութիւն կատարելով Սուրիոյ Քսայր վայրին մէջ, ոչ հեռու նահատակ Հոմս քաղաքէն որ թիրախ է բռնութիւններու, հրացանաձգութեան, արեւանգումի, ոխի ու ջարդի։ Մշտատեւ աղօթք ու ծոմապահութիւն կատարելով՝ ան Տիրոջմէն կը հայցէ որ Սուրիոյ ժողովուրդին պարգեւէ խաղաղութիւն ու անդորրութիւն։ Եկեղեցականին աղօթքի ու ծոմապահութեան այս ներգործութիւնը կ'ուզէ հանդիսանալ նշան մը ոչ բռնութեան, նաեւ հաւատքի ու սիրոյ վկայութիւն մը հանդէպ սուրիացիներուն` ըլլան անոնք քրիստոնեայ թէ մահմետական։ Իր այս նախաձեռնութեամբ՝ եկեղեցականը նաեւ կ'ուզէ ցոյց տալ որ աղօթքն ու ծոմապահութիւնը կը նկատուի յոյժ կարեւոր զէնքներ թէ քրիստոնեայ եւ թէ մահմետական կրօններու մօտ։ Եկեղեցականը կը յուսայ իր այս փորձառութիւնը փոխանցել քրիստոնեայ թէ մահմետական հաւատացեալներուն որպէսզի, անոնք եւս՝ իրենց կարգին դառնան յոյսի նշան եւ յանուն իրենց հաւատքին մերժեն ատելութիւնը եւ ընտրեն ՜՜ոչ-բռնութիւնը՝՝։ Յայտնենք որ կրօնքը ու հաւատքը կարեւոր տարրեր են սուրիացի ժողովուրդի կեանքին եւ ինքնութեան։ Այս դժուար պահերուն կը հրաւիրեն մարդը ճանչնալու կեանքի նուիրականութիւնը ու արժանաւորութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.