Ռակըբ Զարաքօլու Արժանացաւ Հայաստանի Նախագահի Մրցանակին.
Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութեան մասին թուրք հասարակութիւնը տեղեակ պահելու
, խօսքի ազատութեան եւ մարդու իրաւունքները յարգելու համար մղուած յարատեւական եւ սկզբունքային
պայքարին համար, թուրք գրող, հրապարակախօս Ռակըպ Զարաքօլու Երեքշաբթի, Մայիս 29ին արժանացաւ
Հայաստանի Նախագահի 2011-ի Մրցանակին: Նախագահ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատեց հրապարակախօսին
կատարած աշխատանքը եւ նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործով Թուրքիոյ քաղաքացի
Զարաքօլուի գործունէութիւնը բացառիկ առաքելութիւն է: ՝՝Նրա մղած պայքարը խիզախութեան
փայլուն օրինակ է», ըսաւ Հայաստանի Նախագահը: Զարաքօլու, իր կարգին, շնորհակալութիւն
յայտնեց մրցանակին համար եւ նշեց, որ անիկա իրեն համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի: Թուրքիան
կուրացած է,եւ ականջները խուլցած են: Երկիրս վերածուած է յամրերու գերեզմանոցի», ըսաւ
ան եւ ցաւով նշեց, թէ հազարաւոր տարիներու եղբայրութիւնը, պատմութիւնն ու մշակոյթը մէկ
վայրկեանի մէջ անխղճօրէն ջնջուեցան թուրքերու կողմէ: Կը մօտենայ Հայոց Ցեղասպանութեան
100ամեակը: Թուրքիոյ կը սպասէ խիղճի պարտքը: 1915ին իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութեան,
անոր հետեւած կործանիչ քաղաքականութիւններու ճանաչումն ու ներողութիւնը պարտադիր նախապայման
է՝ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական հասարակութիւն կառուցելու համար»(աւելցուց Զարաքօլու)
շեշտելով, որ Թուրքիան պէ՛տք է ընդունի պատմական ճշմարտութիւնը, որովհետեւ միայն այդ
ճանապարհով պիտի կարենայ վերականգնել իրեն նկատմամբ յարգանքը: Ըստ անոր՝ հայերուն
հեռացումէն ետք Անատոլուն (Anatolia) կորսնցուցած է իր հոգին ու վերածուած է տափաստանային
գաղութի, որ պատմութենէ զուրկ է: Անոր համաձայն՝ Անատոլուի տարածքները, որոնք ժամանակին
կեանքով լեցուն էին, այժմ վերածուած են հնագիտական պեղումներու վայրերու, իսկ ամենացաւալին
այն է, որ Անատոլուի (Anatolia) մէջ մարդաթափութեան գործընթացը այսօր իսկ կը շարունակուի: Թուրք
հրապարակախօսին գնահատումով, Անատոլուի( Anatolia )մէջ հայերու հազարաւոր տարիներու
գոյութիւնը ժխտելը ու հայկական անունները աշխարհագրութենէն ջնջելը Հայոց Ցեղասպանութեան
շարունակութեան արտառոց օրինակ է: Անատոլուն (Anatolia) կը կարօտնայ իր անհետացած հայ
զաւակներուն», ըսաւ Զարաքօլու: Հայաստանի նախագահի 2011 թուականի մրցանակին արժանացաւ
նաեւ ազգագրագէտ Յարութիւն Մարութեանը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութեան շարունակականութեան
երեւոյթի, Մեծ Եղեռնի եւ Ղարաբաղեան շարժման միջեւ եղած աղերսներուն կապակցութեամբ անոր
իրականացուցած հետազօտութեան համար: