2012-05-30 13:11:23

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը


Աղօթքը Աստուծոյ հետ անձնական հանդիպում մըն է, երկխօսութիւն մը Աստուծոյ հաւատարիմ ՜՜Այո՝՝ին եւ հաւատացեալի յուսալից ՜՜Ամէն՝՝ին միջեւ։

Չորեքշաբթի 30 մայիս 2012-ի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Շարունակելով իր խորհրդածութիւնը աղօթքի մասին Նորին Սրբութիւնը ըսաւ.
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր Պօղոս առաքեալի համար աղօթքը Աստուծոյ հետ անձնական հանդիպում մըն է, երկխօսութիւն մը Աստուծոյ հաւատարիմ ՜՜Այո՝՝ին եւ հաւատացեալի յուսալից ՜՜Ամէն՝՝ին միջեւ։
Պօղոս առաքեալը կը վկայէ Կորնթացիներուն թէ Աստուծոյ շնորհքը միշտ առաջնորդած է զինք հակառակ դժուարութիւններուն։ Ան նոյնիսկ երբ բանտարկուած էր, ներքնապէս ազատ էր, ունենալով որպէս միակ մտահոգութիւն ՜՜բոլորին աւետել Աստուծոյ Պատգամը՝՝։ ՜՜Աստուծոյ խօսքը կաշկանդուած չէ՝՝ կը գրէ ան Տիտոսին։
Պօղոս առաքեալը կը թելադրէ դժուարութիւնները յաղթահարել, ապրելով Քրիստոսի հետ միութեան մէջ։ Ան որ իր ուսերուն վրայ կ՛առնէ մեր չարչարանքները եւ աշխարհի մեղքերը ու կը շնորհէ ապաշխարութիւն եւ յոյս։
Աստուծոյ մխիթարութիւնը մեզի պարգեւուած է ամենօրեայ աղօթքով։
Հաւատքը Աստուծոյ ձրի պարգեւն է, Աստուծոյ Այո-ն է մարդուն Քրիստոսի միջոցաւ որ մեզի կը սորվեցնէ սիրել զԱստուած ու մեր եղբայրները։ Հակառակ մեր շարունակական անհաւատարմութիւններուն Աստուծոյ կոչն ու պարգեւը անդարձ կը մնան։ Աստուծոյ այս վարուելակերպը շատ տարբեր է մեր վարուելակերպէն։
Ուրիշներու հետ մեր յարաբերութեան մէջ, մենք յաճախ կարող չենք յարատեւել ձրի սիրոյ ճամբով որ զոհողութիւն եւ ջանք կը պահանջէ։ Վստահինք ուրեմն Աստուծոյ հաւատարմութեան վրայ որ կը ջանայ միշտ մեզի միանալ։ Համապատասխանենք անոր իղձին՝ մեր հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու, մեր կեանքի ուրախ եւ ճշմարիտ Ամէն-ով։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող բազմահազար հաւատացեալները, հուսկ յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարադներուն հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։ Սուրբ Հոգին ու Յարուցեալ Քրիստոսի Պարգեւը թող առաջորդէ ձեզ սիրելի երիտասարդներ եւ ձեզ դարձնէ կարող վճրակամօրէն ձեր կեանքը ուղղելու դէպի Բարին ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ Եւ ձեզի սիրելի հիւանդներ, աւելցուց ան, թող նեցուկ կանգնի որպէսզի ձեր ցաւերը ընդունիք որպէս խորհրդաւոր փրկարար միջոց մը ձեզի ու ձեր եղբայրկիցներուն համար, եւ ձեզի նորապսակեալներ, թող օգնէ վերագտնելու ամէն օր սիրոյ պահանջը որպէսզի միշտ պատրաստ ըլլաք իրար զիրար հասկնալու ու իրարու նեցուկ կանգնելու փոխադարձաբար։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքը եզրափակեց իր մօտիկութիւնը յայտնելով Իտալիոյ Էմիլիա Րոմանիայի շրջանի երկրաշարժի զոհերուն։ Աղօթքով ու գուրգուրանքով մօտ եմ բոլոր վիրաւորներուն ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք նեղութեան մէջ են, իմ ցաւակցութիւններս իրենց կեանքը կորսնցուցած անձերու ընտանեկան պարագաներուն։ Յոյս կը յայտնեմ որ բոլորին օժանդակութեամբ եւ Համայն իտալացի ազգի զօրակցութեամբ՝ այդ հողամասը շուտով կարենայ վերադառնալ բնական վիճակին։








All the contents on this site are copyrighted ©.