2012-05-30 13:14:03

Ամուսնացեալ Զոյգերու 25-ամեայ Եւ 50-ամեայ Յոբելեանին Առթիւ Տօնակատարութիւն Հալէպի Մէջ։


Ամէն տարի հայ կաթողիկէ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Մայիս ամսոյն մէջ սովորութիւն դարձած է տօնել ամուսնացեալներու տօնը. Անոր յատկապէս կը հրաւիրուին ամոլները որոնք նոյն տարւոյն ընթացքին իրենց 25 եւ 50-րդ տարեդարձը կը տօնեն։ Արդարեւ ծնողներ իրենց զաւակներուն ու թոռներուն հետ 27 մայիսին մասնակցեցան Հանդիսաւոր Ս Պատարագին զոր կը մատոյց եւ աւուր պատշաճի քարոզը արտասանեց, Բերիոյ թեմին առաջնորդը՝ արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեան, որուն ընթացքին նաեւ շնորհաւորեց յոբելեարները։ Աւարտին առաջնորդարանի բակին մէջ, արծաթեայ եւ ոսկեայ յոբելեանը կատարողներուն համար պատրաստուած էր յատուկ կարկանդակները, տօնական մթնոլորտի մէջ անոնք հատեցին այս կարկանդակները եւ հրամցուցին բոլոր ներկաներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.