Շաբաթ օրը՝ 26 Մայիսի երեկոյեան, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի բակին
մէջ տեղի ունեցաւ ՜՜Ալիս Ներկիզեան՝՝ մանկամսուրի եզրափակիչ հանդիսութիւնը եւ վկայականներու
բաշխումը, ներկայութեամբ Լիբանանի Հայ կաթողիկէ վարժարաններու նախագահ՝ Արհի. Յովհաննէս
Եպս. Թէյրուզեանի, հոգեւոր հայրերու, կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու, ծնողներու
եւ բարեկամներու: Նախ լսելի եղաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգները
ապա մանկամսուրի տնօրէնուհին՝ Սալբի Մուղալեան իր խօսքին մէջ յոյս յայտնեց, որ մանկամսուրի
երեխաները ամէնուրէք ապրին իրենց մանկութիւնը` իր բոլոր դրական պայմաններով եւ ուրախ
մթնոլորտով: Անոնք այսօր արդէն ունին ամուր եւ վստահելի արմատներ, ըսաւ ան ու վեր առաւ
ուսուցչական կազմին տարած աշխատանքն ու նուիրումը։ Ձեռնարկի հանդիսավարն էր տիկ. Հուրի
Էմմիեան։ Մանկամսուրի երեխաները ապա ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր
մը , անոնք ներկայացումներով ու պար եւ երգերով շրջագայեցան երկրէ երկիր հուսկ կանգ առին
հայրենի հողին վրայ եւ պարեցին հայկական պար մը ՜՜Իմ անունը Հայաստան է՝՝ երգով։ Խօսք
առաւ նաեւ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնը՝ պրն. Կրէկուար Գալուստ ան յատկապէս
ըսաւ ՜՜ մանկամսուրը երեխաներու կազմաւորման առաջին քայլն է, որուն շարունակութիւնը անպայման
պէտք է ըլլայ հայկական վարժարանի մէջ, եւ թէ՝ հայ դպրոցը հայապահպաման ամուր կռուան է,
եւ Մեսրոպեան վարժարանը իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ պիտի դնէ մնայուն կերպով զարգացման
եւ բարեկարգման ենթարկուելու համար։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանին նիւթապէս
ու բարոյապէս նեցուկ կանգնող՝ տիկին Ալիս Ներկիզեանին եւ իր որդւոյն` պրն. Վարուժ Ներկիզեանին։
Ապա իր հայրական պատգամը փոխանցեց Լիբանանի Հայ կաթողիկէ վարժարաններու նախագահ՝
Արհի. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան, որ նշեց, թէ մանկամսուրի աշակերտները ապագայ ծիլերն
են, որոնք պիտի աճին եւ իրենց նպաստը պիտի բերեն լիբանանահայ ընեկրութեան: Մանկամսուրը
անհատի կազմաւորման առաջին հանգրուանն է, ըսաւ գերապայծառը, եւ այս առնչութեամբ՝ աւելցուց
ան, «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրը ունի համապատասխան բոլոր տուեալները փոխանցելու կրթութիւն,
ապահովութիւն եւ գուրգուրանք: Հանդիսութեան աւարտին, տեղի ունեցաւ տեսաերիզի ցուցադրութիւն,
որուն մէջ ասմունքներու եւ երգերու ընկերակցութեամբ ներկայացուցած էին մանկամսուրի աշակերտները
իրենց ծնողներուն հետ` մայրերու տօնին առիթով: Տեսաերիզին յաջորդեց Արհիապատիւ Հայր Յովհաննէս
Եպս. Թէյրուզեանի եւ «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի տնօրէն Սալբի Մուղալեանի ձեռամբ մանկամսուրի
73 շրջանաւարտներու վկայականներու բաշխման արարողութիւնը: