2012-05-29 12:36:14

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Կիրակի 27 մայիսին, Միլանոյի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, Միլանոյի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Անճէլօ Սքոլայի նախագահութեամբ մատուցուած Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ՝ բացումը կատարուեցաւ ընտանինքներու համաշխարդային 7րդ հանդիպումին, զոր սկիզբ կ՛առնէ վաղը չորեքշաբթի 30 մայիսին։Սուրբ Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Իտալիոյ զանազան վայրերէն Միլանօ հաւաքուած 2012 ընտանիքներու համաշխարհային հաւաքի աւելի քան 5000 կամաւորները։ Միլանոյի Առաջնորդ Արքեպիսկոպոսը անոնց ուղղած իր պատգամին մէջ, ընդգծեց որ <<միութիւնը եկեղեցւոյ այս գեղեցիկ իրողութիւնն է որ պէտք է վկայենք>> ու <<այս միութեան պարգեւը կը ցոլայ 150 երկիրներէ Միլանօ ժամանած ընտանիքներու փոխադարձ վկայութեամբ>>։

<<Աղօթել, դաստիարակել եւ Պաղեստինի մէջ պաշտպանել արդարութեան դատը>> բանբանով 28 մայիսէն - 3 յունիս տեղի կ՛ունենայ Պաղեստինի եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղաութեան համաշխարհային շաբաթը` Պաղեստին Իսրայէլ Համամիութենական ֆորումի եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի նախաձեռնութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.