2012-05-29 12:35:21

Սուրբ Աթոռի Բանբերի Յայտարարութիւնը Սուրիոյ Հուլայի Ջարդի Մասին


Սուրիոյ Հուլայ գիւղի մէջ վերջերս պատահած՝ ջարդը որուն ընթացքին իրենց կեանքը կորսնցուցին հարիւրաւոր անձեր, որոնց շարքին նաեւ շատ մը մանուկներ, մեծ ցաւ ու մտահոգութիւն կը պատճառէ Սրբազան Քահանայապետին ու համայն կաթողիկէ աշխարհին, ու նաեւ՝ միջազգային հասարակութեան որ վճռակամ դատապարտեց արարքը։ Նորոգելով իր կոչը դադրեցնելու՝ ամէն տեսակ բռնութիւնները, Սուրբ Աթոռը կը թելաթրէ ՜՜ամէն ջանք թափել լուծելու՝ տագնապը երկխօսութեան եւ հաշտութեան ուղիով՝՝։ Միւս կրօնապետերը եւս կանչուած են, աղօթքով ու փոխադարձ համագործակցութեամբ սատարելու խաղաղութեան եւ համայն բնակչութեան բարիքին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.