2012-05-29 12:36:58

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը
Պապելի աշտարակէն Պենտեկոստէ


<<Օգթավա Տիէս>> շաբաթական իր խմբագրականին մէջ Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէնը՝ յիսուսեան միաբան հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի, կ՛անդրադառնայ Հոգեգալստեան տօնին, մէջբերելով Սրբազան Քահանայապետին անցեալ 21 մայիսին կարտինալներուն ուղղած խօսքերը, երբ ակնարկեց <<ժամանակներու ընթացքին եկեղեցւոյ մարտնչումի մասին>>։ Մարտնչում չարին դէմ որ յաճախ Բարիի երեւոյթներով կը յայտնուի։ Հայր Լոմպարտի, խմբագրականին մէջ իր կարգին անդրադարձաւ Լոյոլայի Սուրբ Իքնատիոսի այն հրաւէրին թէ ՜՜ընտրելու ենք որ մէկ դրօշակի տակ կ՛ուզենք քալել. արդեօք սատանային դրօշը թէ Յիսուսի դրօշը։ Առաջինը մեզի կը խոստանայ հարստութիւն, փառք, ամբարտաւանութիւն մինչ Յիսուսի դրօշին տակ կը սորվինք սիրել Հոգեւոր եւ Մարմնաւոր աղքատութիւնը, հեզութիւնն ու խոնարհութիւնը։ Սրբազան հայրն ալ իր խօսքին մէջ ակնարկած էր բարեկամներու մասին, որ կ՛ընկերանան մեզի ու կ՛օգնեն մեզ մնալու՝ հաստատ Քրիստոսի մէջ. - կը գրէ Հայր Լոմպարտին ու կ՛աւելցնէ - Միասնաբար հայցենք Սուրբ Հոգւոյն դատողութեան պարգեւը, հայցենք մխիթարութիւն եւ ոյժ մեր մութ գիշերներու ընթացքին Պապելի Աշտարակի շփոթութենէն, որ ընկերութիւնն ու եկեղեցին կը վրդովեն, մենք անցնինք Պենտեկեստէի հաղորդութեան ու երկխօսութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.