2012-05-29 13:20:47

Հալէպի Մէջ Սրբուհի Ռիթայի Անուան Եղբայրութեան 50-ամեակը։


50 տարի առաջ 1962-ին հիմնուեցաւ Անկարելի բաներու սրբուհի եւ կորսուած դատերու փաստաբանուհի՝ Սրբուհի Ռիթայի անուան եղբայրութիւնը Հալէպի մէջ, որուն անդամները մեծ նուիրումով կը գործեն եկեղեցւոյ համար ու կը կատարեն յատուկ ջերմեռանդութեան աղօթքի հանդիպումներ։
Հանդիսաւոր կերպով տօնուեցաւ Սրբուհի Ռիթայի Անուան Եղբայրութեան 50-ամեակը Հալէպի առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։
Ի պատրաստութիւն Սրբուհիի տօնակատարութեան, եղբայրութիւնը կազմակերպած էր եռօրեայ հոգեւոր կրթութիւն մը՝ որուն ընթացքին քարոզեց գերապատիւ Հ. Անտոն վրդ. Թահհանեան։
Քարոզիչ վարդապետը այս առթիւ յորդորեց Եղբայրութեան անդամուհիները օրինակ առնելու սրբուհիին կեանքն ու նուիրումը. եւ գործելու՝ Յիսուսի կամքին համաձայն եւ ըլլալու սրբուհիին նման համեստ խոնարհ ու ներող, միշտ աղօթելով։
22 մայիսի երեկոյեան Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ՝ արհի. Պետրոս արքխ Միրիաթեան հայրապետական ս. պատարագ մատոյց, առընթերակայութեամբ՝ գեր. Հ. Եղիշէ Ճենճիի՝ հոգեւոր հայրը եղբայրութեան, եւ գեր. Հ. Էմմանուէլ Գրիգորի՝ ժողովրդապետը առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ։
Հսկայ եկեղեցին ծայրէ ծայր լեցուն էր հաւատացեալներով, մանաւանդ շատեր ալ արարողութեանց հետեւեցան եկեղեցւոյ բակը՝ ուր դրուած էր մեծ պաստառ մը որով կը սփռուէր պատարագը...
Պատարագիչ գերապայծառը Ս. պատարագը մատոյց Սրբուհի Ռիթայի եղբարութեան ամբողջ անձնակազմի դիտաւորութեամբ. ան իր արտասանած քարոզին մէջ յիշեց հիմնադիրը՝ արհի. Պօղոս արք. Գուսանը, որ այժմ կը գտնուի Լիբանան ( Յիսուս Թագաւոր՝ հանգստեան տան մէջ) յիշեց հանգուցեալ անդամները եւ բարերարները։
Ապա գերապայծառը Սրբուհի ռիթայի մասունքը թափօրով անցաւ հաւատացեալներուն քովէն մինչ երգչախումբը լսելի կ՝ընէր Տիրամօր նուիրուած շարականները. ի դէպ Սրբուհիին արձանը իրենց ուսերուն վրայ կը կրէին եղբայրութեան անդամուհիները։ Ապա գերապայծառ Միրիաթեան յատուկ Աղօթք մը կատարելէ ետք Սրբուհիին, անոր մասունքովը օրհնեց բոլոր ներկաները։
Պատարագէն ետք՝ եղբայրութեան անդամները կազմակերպած էին ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին խօսեցան եղբայրութեան կատարած գործունէութեանց մասին, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով թեմին առաջնորդին ու հոգեւոր պատասխանատուներուն որոնք նեցուկ կը կանգնին ու կը քաջալերեն անդամուհիները, որպէսզի յարատեւեն իրենց եղբայսիրական գործունէութիւններուն մէջ... Այս առթիւ նաեւ կարդացին եղբայրութեան երկար տարիներու հոգեւոր Հայր արհի.՝ Գրիգոր Օգոստինոս Գուսանի շնորհաւորագիրը յոբելեանին առթիւ, որմէ ետք ալ հատեցին կարկանդակը որուն վրայ պատկերուած էր Սրբուհի Ռիթայի նկարը ու վառուած՝ 50 մոմեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.