2012-05-29 13:20:23

Էջ մը Հայոց Պատմութենէն
ՎԵՐՋԻՆ ԱՐՇԱԿՈՒՆԻՆԵՐԸ (378– 428)


Պատճառներ Արշակունեաց թագաւորութեան անկումին
Արշակունի թագաւորական տոհմին կործանումը երեք գլխաւոր պատճառներ ունի. ՆԱԽ Պարսիկներու տեւական ջանքը ամէն ձեւով վար առնելու հայկական թագաւորութիւնը եւ Հայաստանը վերածելու պարսկական նահանգի մը. ԵՐԿՐՈՐԴ` Բիւզանդացիները, որոնք Կոստանդիանոսէն ետք` իրենց քաղաքականութիւնը Հայաստանի նկատմամբ հիմնովին փոխեցին, այսինքն փոխանակ անկախ ու առանձին կառավարուող երկիր մը ունենալու իրենց կողքին (որ պատուար պիտի հանդիսանար ապագայ գալիք բոլոր թշնամիներուն դէմ) , նախընտրեցին ունենալ Բիւզանդիոնի իշխանութեան ենթակայ հայկական նահանգ մը, կամ նահանգներ, նոյնիսկ եթէ միայն մաս մը ըլլար այդ մեծ Հայաստանէն. Իսկ ԵՐՐՈՐԴ պատճառը հայ իշխաններն էին, կոչուած նախարար, որոնք ձանձրացած պարսիկներու եւ Հռոմի միջեւ երկարամեայ պատերազմներէն եւ զզուած նաեւ վերջին հայ Արշակունիներու բռնակալութենէն, որոշեցին ջնջել թագաւորութիւնը եւ մնալ ենթակայ նախընտրաբար Պարսկաստանի եւ կամ Բիւզանդիոնի, իրենց բռնած ուղղութիւններուն համեմատ։
Բաժանում Հայաստանի (378)
Վաազդատ թագաւորի անկումէն ետք` յետ Մանուէլ Մամիկոնեանի` Հայոց սպարապետի բոլոր ջանքերուն պահելու միացեալ Հայաստան մը, դժբախտաբար նաեւ հայ նախարարական տուներու պնդումով` Հայաստանը բաժնուեցաւ երկուքի, ընդմէջ Պարսկաստանի, որ մեծագոյն մասն առաւ եւ Բիւզանդիոնի, 378 թուականին։ Մանուէլ, կացութիւնը փրկելու համար` իր մահուան անկողնին վրայ, Վարազդատի երկու որդիները, Արշակն ու Վաղարշակը կարգեց մին` յունական եւ միւսը` պարսկական մասին թագաւոր. Այսպէս գոյատեւեցին շրջան մը երկու թագաւորներ երկու Հայաստաններու վրայ. Սակայն շուտով Բիւզանդացիները վար առին Արշակը եւ ջնջեցին հայկական թագաւորութիւնը։ Պարսկական մասին վրայ` հայ Արշակունի թագաւորները գոյատեւեցին 50 տարի եւս, մինչեւ 428 թուականը։
Պարսկական բաժնի առաջին թագաւորները (378-392)
Վաղարշակ եղաւ առաջին թագաւորը Հայաստանի պարսկական բաժնին, ան իշխեց 378-386 թուականներուն. իրեն յաջորդեց Խոսրով Գ. (386-392)։ Այս շրջանը եղաւ պառակտումի շրջան մը եւ ներքին կռիւներու Հայերու միջեւ, բիւզանդական հոսանքին պատկանողները պարսկական կամ ազգային կոչուած հոսանքին դէմ։
Վռամշապուհ Թագաւոր Եւ (392-414) Գիրերու գիւտը
Լաւագոյն օրերը Հայերու համար Վռամշապուհի ժամանակ տեղի ունեցան։ Այս իմաստուն թագաւորը կրցաւ հաւասարակշիռ դեր մը ունենալ երկու հոսանքներուն միջեւ եւ իր օրերուն է որ Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետը կատարեց հայ գրերու սքանչելի գիւտը. Նոյնիսկ եթէ երկիրը կորսուած էր, սակայն լեզուն կանգուն պիտի պահէր դարեր ամբողջ հայութիւնը աշխարհի վրայ։ Սուրբ Սահակի կաթողիկոսութեան օրով` մեծ զարկ տրուեցաւ հայ մշակոյթին եւ սկսելով Սուրբ Գրքէն, մեծ վարդապետներու գրութիւնները թարգմանուեցան հայերէնի։ Հայը ունէր գիր, դպրոց եւ մատենագրութիւն. Այլեւս ան ապահով էր որ բնաւ պիտի չանհետանար աշխարհէն։
Վերջին թագաւորները (414-428)
Շրջան մը Պարսից Յազկերտ արքան Հայոց թագաւոր կարգեց իր որդին Շապուհը, (416-420) որմէ ետք իշխեց վերջին Արշակունի թագաւորը, Արտաշէս( 423-428)։








All the contents on this site are copyrighted ©.