2012-05-28 12:25:50

Սրբազան Հօր Զօրակցութիւնը Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն։


Ասորի եկեղեցւոյ Պատրիարք Մար Տինքա Դ-ի եպիսկոպոսական օծումի 50 ամեակի առթիւ յղած իր պատգամին մէջ` Նորին Սրբութիւնը վերահաստատած է իր <<զօրակցութիւնը Իրագի եւ համայն միջին արեւելքի քրիստոնեաներուն աղօթելով որ աւետարանի վկայութիւնը եւ խաղաղութեան` հաշտութեան ու միութեան ի սպաս հովուական համագործակցութիւնը աւելիով ամրապնդուի ընդմէջ ասորի եւ կաթողիկէ համայնքներուն։ Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամին մէջ գոհունակութիւն յատնելով Աստուծոյ ընդգծած է Տինքա Պատրիարքին յանձառումը ի նպաստ երկխօսութեան` պտղաբեր համագործակցութեան եւ շնորհական եղած է անոր ցուցաբերած բարեկամութեան համար>>։ Սրբազան Հայրը մաղթած է որ երկու եկեղեցիներու միջեւ ստեղծուած Աստուածաբանական յանձնախումբի գործունէութիւնը աճի ու ընթանայ դէպի ամբողջական միութիւն։ Նշենք որ Իրագի մէջ կ՛ապրին Օրթոտոքս Ասորի եկեղեցւոյ 50.000 հաւատացեալներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.