2012-05-28 12:34:50

Մարոնի Հայր Անթուան Ապի Ղանէմի Դասախօսութիւնը ''Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաները` Ներկայութիւն Եւ Ապագայ'' Նիւթին Մասին։


ՄԱԿի Ժընեւի կեդրոնի Ս. Աթոռի պատուիրակութեան անդամ` մարոնի հայր Անթուան Ապի Ղանէմ դասախօսութիւն մը տուած է ''Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները` ներկայութիւն եւ ապագայ'' նիւթին մասին։ Պարզելէ ետք Միջին Արեւելքի անցեալի ու ներկայի բարդ պատմութիւնը ու այդ շրջանի ժողովուրդներու եւ կրօնի զանազանութիւններն ու քաղաքական բաժանումները, հայր Անթուան Ապի Ղանէմ հաստատած է որ քրիստոնեաները 21 դարէ ի վեր ներկայ են Միջին Արեւելքին մէջ, անոնք յոյսով կառչած կը մնան իրենց հաւատքին, որովհետեւ քրիստոնեան կը հաւատայ Նախախնամութեան եւ Աստուծոյ սիրոյն եւ անոր առաքելութիւնն է տարածել''Աստուածոյ սիրոյ'' պատգամը։








All the contents on this site are copyrighted ©.