2012-05-28 12:35:05

Այսօր 28 Մայիս Տօն Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան. ՝՝Կը Մաղթեմ, որ Միշտ Արժանի Ըլլանք Մայիս 28-ը Նախապատրաստած Հերոսներու Սխրանքին ու Երազանքին՝՝. Կ՝ըսէ Սերժ Սարգսեան Հայ Ազգին Ուղղած իր Ուղերձին Մէջ։ Շնորհաւորական Ուղերձը՝ ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։


Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Մայիս 28-ի` Հանրապետութեան տօնին առիթով հանդէս եկաւ ուղերձով մը յորում մասնաւորապէս կ՝ըսէ....
Մայիս 28-ի մասին շատ խօսուած ու գրուած է: Համոզուած եմ որ դեռ պիտի խօսուի: Եւ բնական է, որովհետեւ ասիկա բացառիկ իրադարձութիւն էր, որուն մենք սպասած էինք երկար, որուն մասին երազած էինք դարեր, եւ որուն համար իրենց զոհաբերած են ազգի լաւագոյն զաւակները:

Այդ օրը մենք շրջեցինք պատմութեան անիւը եւ շրջեցինք ցանկալի ուղղութեամբ: Իրականութեան մէջ դարակազմիկ այդ փոփոխութիւնը, սակայն, կատարուած էր աւելի շուտ, կատարուած էր մեր հոգեբանութեան եւ քաղաքական մտածողութեան մէջ, երբ հայրենաբնակ հայութիւնը հասկցաւ, որ սեփական հողի վրայ պէտք է ապրիլ ո՛չ թէ իբրեւ համայնք, այլ իբրեւ պետութիւն, պէտք է կռուիլ ո՛չ թէ իբրեւ ֆետայական ջոկատ, այլ՝ իբրեւ բանակ: Ապրիլ ու պայքարիլ իբրեւ Հայաստան. ահա այս էր նոր հոգեբանութիւնն ու քաղաքական մտածողութիւնը: Եւ մայիսեան հերոսամարտերը խարսխուած էին առաջին հերթին ասոնց վրայ:
Մայիս 28-էն ընդամէնը մէկ շաբաթ առաջ շատերու համար չկար Հայաստան եւ չկար հայութիւն` իբրեւ քաղաքական գործօն: Այդ օրը մենք բոլոր հարեւաններուն, հեռու եւ մօտիկ բարեկամներուն ու թշնամիներուն ըսինք, որ մենք կանք եւ կանք իբրեւ լրջագոյն գործօն տարածաշրջանին մէջ: Այդ օրը մենք բոլորին ըսինք, որ մենք կանք եւ չենք ուզեր չըլլալ, որ մենք ազգ ենք ու պետութիւն, ունինք շահեր եւ նպատակներ, որ վճռականօրէն պիտի պաշտպանենք մեզի, մեր շահերը եւ պիտի հետապնդենք ազգային նպատակները:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Կրկին կը շնորհաւորեմ ձեզ այս մեծ տօնին առիթով: Կը մաղթեմ բոլորիս խաղաղ աշխատանք եւ պետութեան հպարտ քաղաքացիին վայել նկարագիր: Կը մաղթեմ, որ միշտ արժանի ըլլանք Մայիս 28-ը նախապատրաստած հերոսներու սխրանքին ու երազանքին: (Սերժ Սարգսեան 28 Մայիս 2012) .
(26 Մայիս 1918-ին` Անդրկովկասեան սեյմի լուծարման օրը, իր անկախութիւնը հռչակեց Վրաստան, Մայիս 27-ին` Ատրպէյճան: Մայիս 28-ին Թիֆլիսի Հայոց ազգային խորհուրդը ընդունեց հռչակագիր, ուր ըսուած էր,- «Անդրկովկասի քաղաքական ամբողջութեան լուծումով եւ Վրաստանի ու Ատրպէյճանի անկախութեան հռչակումով ստեղծուած նոր դրութեան հանդէպ՝ Հայոց ազգային խորհուրդը ինքզինք կը յայտարարէ հայկական գաւառներու գերագոյն եւ միակ իշխանութիւն»:
Ատիկա տեղի ունեցաւ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսամարտերէն ետք, որոնց շնորհիւ հայ ժողովուրդը կրցաւ 543 տարի անց վերականգնել պետականութիւնը):
ԳԱՐԵԳԻՆ Բ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՈՒՂԵՐՁԸ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻ ԱՌԹԻՒ (28 Մայիս 2012)
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն Հանրապետութեան օրուայ տօնական առիթով ողջունում եւ Հայրապետական Մեր օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքներն ենք բերում մեր ժողովրդի զաւակներին՝ ի Հայաստան, եԱրցախ եւ ի Սփիւռս։
Այսօր տօնում ենք նուիրական յիշատակը Հայոց Պետականութեան վերականգնման, որն իրականութիւն դարձաւ բազմադարեայ դադարից յետոյ։ Իննսունչորս տարիներ առաջ մայիսեան լուսաւոր այս օրը մեր հայրերը հռչակեցին Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը, եւ հայրենի երկնակամարում ծածանուեց հայոց եռագոյնը՝ որպէս խորհրդանիշ ազատ եւ անկախ ապրելու մեր ժողովրդի երազանքի իրականացման։
Գոհութիւն Երկնաւորին, Մայիսեան Հերոսամարտերի եւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հռչակման յիշատակներն այսօր ոգեշնչում են մեր ժողովրդին հայրենի պետականութիւնը զօրացնելու եւ իր լուսաւոր ալիքը կառուցելու յոյսերում։
Մայր Տաճարի, Իջման Սուրբ Սեղանի առաջ, ի խորոց սրտի աղօթում ենք, որ Ամենակարող Աստուած երկնառաք օրհնութեան եւ յարատեւ խաղաղութեան մէջ պահի Հայրենի մեր Երկիրը, եւ հաւատաւոր մեր Զաւակներին՝ պարգեւելով կայուն եւ ապահով առաջընթաց։








All the contents on this site are copyrighted ©.