2012-05-26 13:06:12

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Շաբաթ 26 մայիսի առաւօտեան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Կաթողիկէ դաստիարակութեան Ժողովի Կառավարիչ` Կարտինալ Զէնոն Կրոչոլէվսքին։ Հուսկ Ժամը 11.45 անց Նորին Սրբութիւնը յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց , Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած <<Նորոգում Սուրբ Հոգիով>> եկեղեցական հաստատութեան 30 հազար անդամներուն, հաստատութեան հիմնադրութեան 40րդ տարեդարձի առթիւ։
Իսկ կիրակի 27 ապրիլ 2012 -ի առաւօտեան ժամը 9.30 Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Պենտեկոստէի Սուրբ Պատարագը հազարաւոր ուխտաւորներու եւ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։
Սուրբ Պատարագի աւարտին Նորին Սրբութիւնը կ՛ արտասանէ Ողջ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքը ու զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք ներկաները անոնց կու տայ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.