Այվազովսկիի Ծննդեան 195-Ամեակը Ուքրանիոյ Մէջ Պիտի Նշուի Պետական Մակարդակով։
Ուքրանիան Յուլիս 17-ին պետական մակարդակով պիտի նշէ ականաւոր ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի
ծննդեան 195-ամեակը: Ըստ Analitika.at.ua-ի՝ համապատասխան որոշման օգտին քուէարկած է
Գերագոյն Ատեանի 297 պատգամաւորներ: Նախարարներու պալատին յանձնարարուած է երկշաբաթեայ
ժամկէտի մէջ ստեղծել ձեռնարկի նախապատրաստման եւ իրականացման հարցերով կազմակերպչական
կոմիտէ:
Ձեռնարկի ծիրէն ներս երկրի թանգարաններուն եւ գրադարաններուն մէջ տեղի
պիտի ունենան ցուցահանդէսներ` նուիրուած արուեստագէտի կեանքին ու գործունէութեան:Պետական
«ուքրփոսթ»ին յանձնարարուած է թողարկել տարեդարձին նուիրուած փոսթային նամականիշեր: Յովհաննէս
Այվազովսկին ծնած է 1817-ին, Ղրիմի Թէոտոսիա քաղաքին մէջ, հայ առեւտրականի ընտանիքի մէջ:
Աւարտած է Ուքրանական Սիմֆերոփոլ քաղաքի կիմնազիան, իսկ յետագային ոսկէ մետալով` Ս. Փեթերզպուրկի
Գեղարուեստի Ակադեմիան: Եղած է Ռուսական Կայսրութեան պատուաւոր ծովակալը, Ռուսաստանի
Կայսերական Ակադեմիայի անդամ, յայտնի է իր ծովանկարներով, որոնք կը կազմեն իր ստեղծագործութիւններուն
աւելի քան կէսը: Այվազովսկի Մահացած է 5 Մայիս 1900-ին: