2012-05-25 12:04:43

Սուրիոյ Նոր Խորհրդարանը՝ Հաւատարիմ Նախագահ Ասսատի։


Սուրիոյ նոր Խորհրդարանի բացումը երէկ կատարուեցաւ,ուր բացարձակ մեծամասնութիւն կը ներկայացնէ Նախագահ Պաշար Ասսատի Պաաթհ Կուսակցութիւնը։ Մինչ այդ չի դադրիր արիւնալի ընդհարումը ընդ մէջ բանակին ու ապստամբներուն ,որ ամէն օր տասնեակ զոհեր կը խլէ։ Միայն երէկուայ ընդհարումներու զոհ գացողներու թիւը՝ 26 է։ Սուրիոյ Խորհրդարանի առաջին նիստին որ երէկ գումարուեցաւ Մուհամատ Ժիհատ Լահամար Սուրիոյ նոր խորհրդարանի նախագահ ընտրուեցաւ:
Նշենք նաեւ որ Սուրիոյ Ազգային Խորհուրդը(նախագահ Ասսատի Ըննդիմադիր Ուժերէ կազմուած ) իրենց ներքեւ ունին մեծ պառակտումներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.