2012-05-25 12:03:19

Չինաստանի Տիարմօր Շի Շանի Արձանը Նիւ Եորքի Փողոցներու մէջ։


ՇիՇանի Տիրամօր տօնին ու Չինաստանի համար աղօթքի համաշխարհային օրուան առիթով Նիւ Եորք բնակութիւն հաստատող աւելի քան 600 կաթողիկէ չինացիներ թափօրով պատուած են Տիարմօր Շի Շանի արձանը Նիւ Եորքի ֆլուշինք թաղամասի փողոցներու մէջ, ուր մեծ թիւով չինացիներ կ'ապրին։


Նշենք որ 24 մայիսին նշուեցաւ Չինաստանի եկեղեցւոյ աղօթքի օրը, որ հաստատուած է 2007ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի կողմէ։
Անցեալ Կիրակի օրուայ Ողջ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հրաւիրած էր համայն կաթողիկէ աշխարհը աղօթելու Չինաստանի կաթողիկէ իրենց եղբայրակիցներուն համար յոյս յայտնելով որ չինացի կաթողիկէ հաւատացեալները հաւատարիմ մնան իրենց հաւատքին եւ իրենց առօրեան ապրին իրենց դաւանած հաւատքի համաձայն։








All the contents on this site are copyrighted ©.