2012-05-25 17:37:49

Նոր Աւետարանացումը Եւ Քրիտոնէական Հաւատքի Փոխանցումը


Նոր Աւետարանացումը եւ Մորմոնականութիւնը
(1)
Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող բոլոր աղանդներուն մէջ ամէնէն արտասովոր շարժումը՝ մորմոնական շարժումն է: Այդ կրօնական շարժումը սկսած է 1830-ական թուականներուն, ընդհամէնը մի քանի հոգիով, այսօր անոնց շարքերուն մէջ կան մօտաւորապէս 6 միլիոն անդամ (1994 թ. տուեալներով):
Մորմոն եկեղեցին երկու հիմնական ճիւղաւորում ունի: Առաջինը՝ Յիսուս Քրիստոսի վերջին օրերու սուրբերու եկեղեցին՝ UTAH Սոլթ Լէյք քաղաքին մէջ: Իսկ երկրորդը՝ Վերափոխուած Յիսուս Քրիստոսի վերջին օրերու սուրբերու եկեղեցին՝ Միսսուրհի Ինդիփենտանսում: Վերջինը աւելի արմատական է որոշ հարցերու շուրջ, բայց թիւով կը զիջին առաջինին: Մօտաւոր տուեալներով անոնք այսօր 50.000 գործունեայ անդամներ ունին, որոնք կը զբաղին միայն աւետարանչութեամբ (այսինքն՝ մորմոնական տարածմամբ)
Մորմոններուն ներխուժումը Հայաստան սկսած է 1988 թուականներէն ետք, երբ զանազան բարեգործութիւններու անունին տակ մորմոններն ալ հաստատուեցան Հայաստան:
Մորմոնները մաքրակենցաղ են, կը հրաժարին ծխախոտներէն, չեն օգտագործէր ոգելից եւ ոչ ոգելից զանազան խմիչքներ, նոյնիսկ զովացուցիչ հեղուկներ (Coca Cola, Pepsi, Fanta, եւ այլն):
Մորմոններու հիմնական աստուածաբանութիւնը բաւական հեռու է քրիստոնէական դաւանութիւններէն եւ կը յիմնուի Ժոզէֆ Սմիթ (հիմնադիրը) «մարգարէի» յայտնութիւններուն վրայ: Ըստ մորմոններուն, Ս. Գիրքը պատմականօրէն կապուած է Հին աշխարհի ժողովուրդներու, երկիրներու եւ աշխարհագրութեան հետ: Հետեւաբար, Ժոզէֆ Սմիթ ի յայտ եկաւ, որպէսզի ամերեկան մայրացամաքը ունենայ իր ս. գիրքը, իր նախապատմութիւնը, իր Երուսաղէմը, իր Սիոնը եւ այլն: Այդպէս ալ եղաւ. Մորմոնի գիրքը փոխարինեց մեր Ս. Գիրքին, ուր տրուեցաւ նոր աշխարհի նախապատմութիւնը՝ հին ժամանակներէն սկսեալ, նկարագրուեցաւ Նոր Երուսաղէմը եւ Սիոնը, զոր տեղադրուեցան Նիւ Եօրքի նահանգը:
Մորմոն վախճանաբանութեան համաձայն, փրկուած մորմոնը կը դառնայ նոր աստուած մը, ուր կը տեղափոխուի անծայրածիր Տիեզերքի որեւէ, նախօրօք որոշուած մոլորակ, դառնալով Ադամ այդ աշխարհի համար: եւ այս վերաբնակեցումը կը շարունակուի անվերջ կերպով:
Մորմոններու աւետարանչութեան հիմնական սկզբունքներն են այդ գաղափարներու տարածումը, որպէս նորագոյն աստուածային յայտնութիւններ, որոնք մինչէւ Ժոզէֆ Սմիթը մարդոցմէ թաքնուած էին, եւ ասոր համար անոնց Գիրքը ունի հետեւեալ վերնագիրը «Մորմոնի Գիրք, նոր յայտնութիւններ Յիսուս Քրիստոսի մասին»:








All the contents on this site are copyrighted ©.