2012-05-24 13:44:35

Փաստաբանուհի Ֆեթհիյէ Չեթին Կը Փափաքի Որ Թուրք Պետական Անձնաւորութիւններ Գան Հապափ Գիւղի Աղբիւրին Մօտ` Ներողութիւն Խնդրելու Եւ Առերեսուելու։ (Հաւհավ Գիւղ/Էլազըղ)։


Հրանդ Տինքի հանրածանօթ փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթին թրքական ՝՝A haber՝՝ հեռուստաընկերութեան, եթերով պատմած է իր հայազգի տատիկին գիւղին` Հապափի վերակառուցուած աղբիւրներուն մասին եւ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Իտրիս Նայիմ Շահինը հրաւիրած է անոնցմէ «մէկ թաս ջուր խմելու»: Հապափի աղբիւրները հայկական ճարտարապետութեան լաւագոյն նմուշներէն են` բազմակ, բազմակամար: Սակայն անոնք անմխիթար վիճակի մէջ եղած են եւ Ֆեթհիյէ որոշած է վերանորոգել զանոնք:
«Եթէ Հրանդ Տինքը կենդանի ըլլար, այդ աղբիւրներու վերակառուցման համար շատ կ'ուրախանար: Այդ նախագիծը զինք շատ յուզած էր: Եթէ Հրանդը ողջ ըլլար, վստահ եմ, որ գիւղ առաջին մեկնողը ինք կ'ըլլար»( ըսած է Չեթին): Առջի օր Էլազըղ նահանգի Հապափ գիւղին մէջ աղբիւրներու բացման առիթով տօնակատարութիւն տեղի ունեցած է, որուն Չեթին հրաւիրած է նաեւ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը: «Եթէ նախարարը գոնէ գար եւ մէկ բաժակ ջուր խմէր, ներողութիւն խնդրած կ'ըլլար մինչեւ հիմա ըսածներուն եւ ըրածներուն համար»,( ըսած է Ֆեթհիյէ Չեթին):
Լրագրողին այն հարցումին, թէ եթէ Օկիւն Սամասթ(Հրանդը սպաննողը) փափաքի այդ աղբիւրէն ջուր խմել, ի՞նչպէս կ'արձագանգէ, Ֆեթհիյէ Չեթին պատասխանած է.«Բոլորը, իւրաքանչիւր ոք պէտք է խմէ այդ աղբիւրներու ջուրէն: Այդ ժամանակ վստահ եմ, որ բոլորիս վէրքերը կը լաւանան: Մահացածներուն հոգիներուն համար մէկ թաս ջուր խմել ցանկացող ամէն անձ կրնայ գալ այնտեղ»: Չեթին ըսած է, թէ կը փափաքէր, որ պետական ծառայողներն ալ գային աղբիւրին մօտ` առերեսուելու. «Երանի գան եւ ըսեն, որ իրենք Տինքը պաշտպանել չեն կրցած, իրենց պարտականութիւնները չեն կատարած եւ ներողութիւն խնդրեն: Երանի գան…»:
Անդրադառնալով աղբիւրներու վերակառուցման աշխատանքներուն, Չեթին նշած է, որ այդ ամբողջ գործընթացքին իրենց վրայ ճնշումներ եղած են: Յիշենք Փաստաբանուհի Չեթինի Մեծմայրիկը Տիկին Հերանուշ Կատարեան մինչեւ 9 տարեկանը ապրած է Էլազըղի Հապափ Գիւղը,հայերէն ՀԱՒՀԱՎ Գիւղը։








All the contents on this site are copyrighted ©.