2012-05-24 13:43:45

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։
Իտալիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներուն Հետ Հանդիպում։


Հինգշաբթի 24 մայիսի առաւօտեան ժամը 11ին կիւրեղ եւ Մեթոտիոս Սուրբերու տօնին առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Պուլկարիոյ նորնտրեալ նախագահը՝ Տիար Ռոզէն Բլէվնէլեւ։Հուսկ Ժամը 11.30-ին, Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Տիար Նիքոլա Կրուէվսքի՝ նախկին Եուկոսլավիոյ եւ Մակեդոնիոյ հանրապետութեան նախագահը ու անոր ընկերացող շքախումբը։ Ապա ժամը 12ին Սւոնհոդոսական Սրահին մէջ, Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւնը շնորհեց Իտալիոյ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասին, որ այս օրերուս Վատիկանի մէջ գուրմարած են իրենց տարեկան լիանիստ ժողովը ուսումնասիրելու համար կաթողիկէ եկեղեցւոյ հայող հրատապ հարցերը։
Իտալիոյ Համահաւաք դասին ուղղած իր խօսքին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը նախ իր գոհունակութիւնը յայտնեց իր եղբայրակիցներուն հետ ունեցած հանդիպումին համար. հուսկ Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց Կարտինալ Անճելօ Պանիասքոն Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ վերահաստատուելուն համար։ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց ժողովի կարեւորութեան ու շօշափուած նււթերու մասին, շեշտելով մանաւանդ Նոր Աւետարանութեան նիւթին մասին մեկնելով Վատիկանեան Տիեզերական Ժ Ժողովի աշխատանքներու սկզբի 50րդ տարեդարձէն ու սոյն Տիեզերական Ժողովի ուսուցումներէն։ Սրբազան Հայրը ապա խորհրդածեց Եկեղեցապետերու պատասխանատուութեան մասին աշխարհի մը մէջ, <<ուր Աստուած շատերու համար դարձած է անծանօթ անձ մը եւ Յիսուսը անցեալի մէկ անձնաւորութիւն մը>> ու կարելի չէ նոր սլացք մը տալ առաքելական գործունէութեան առանց հաւատքի եւ աղօթքի նորոգումին, ու կարելի չէ յարմար պատասխաններ տալ առանց շնորհքի պարգեւներու ընկալումին, նաեւ կարելի չէ մարդիկը առաջնորդել աւետարանին եթէ իսկապէս Աստուծոյ խոր փորձառութիւնը ապրելու։ Սրբազան հայրը առ այդ հաստատեց որ առաջնահերթ պարտականութիւնը Աստուծոյ մասին խօսիլն է մեկնելով խոր աղօթքի ապրումէն։ Եւ այս ուղղութեամբ է որ Ան 2012- 2013 տարեշրջանը հաստատած է որպէս Հաւատոյ Տարի <<որպէսզի հաւատոյ թանկարժէք պարգեւը վերագտնենք եւ խորապէս հասկնանք ճշմարտութիւնը որ մեր կեանքի աւիշն է եւ այսօրուայ, յաճախ ցրուած, մարդը առաջնորդենք Յիսուս Քրիստոսի հետ հանդիպելու Ան՝ որ է ՜՜Կեանք Ճանապարհ եւ Ճշմարտութիւն՝՝։
Իր խօսքը եզրափակելով Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը ըսաւ։
Սիելի եղբայրակիցներ, մեր հին ու նոր առաքելութիւնն է՝ այսօրուայ այրերն ու կիները առաջնորդել Աստուծոյ հետ հանդիպելու, օգնել անոնց որ իրենց միտքն ու սիրտը բանան այն Աստուծոյ որ զիրենք կը փնտռէ անոնց մօտ ըլլալու համար, ու անոնց փոխանցել այն պատգամը թէ Աստուծոյ կամքը կատարելը, կաշկանդում մը չէ մեր ազատութեան, այլ իսկական ազատութիւնն է, որ կը կայանայ իրականացնելով Կեանքի իսկական բարիքը։
Նորին Սրբութիւնը ապա յառաջիկայ կիրակի նշուելիք Պենտեկոստէի տօնին առթիւ Սուրբ Հոգւոյն նուիրուած աղօթք մը արտասանեց։








All the contents on this site are copyrighted ©.