2012-05-24 13:48:36

Չինաստանի Եկեղեցւոյ Համար Աղօթքի Օր


Այսօր կը նշուի Չինաստանի եկեղեցւոյ աղօթքի օրը, որ հաստատուած է 2007ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի կողմէ։
Անցեալ Կիրակի օրուայ Ողջ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հրաւիրած էր համայն կաթողիկէ աշխարհը աղօթելու Չինաստանի կաթողիկէ իրենց եղբայրակիցներուն համար յոյս յայտնելով որ չինացի կաթողիկէ հաւատացեալները հաւատարիմ մնան իրենց հաւատքին եւ իրենց առօրեան ապրին իրենց դաւանած հաւատքի համաձայն։








All the contents on this site are copyrighted ©.