2012-05-24 13:44:24

Հոմսի Հայկական Եկեղեցւոյ Եւ Դպրոցի Գրաւումը։


Սուրիոյ Հոմս քաղաքին մէջ յարձակման ենթարկուած են հայկական եկեղեցին եւ «Սահակեան» հայկական դպրոցը: Այս մասին յայտնած է «Նուվել տ՛Արմէնի»ն։ Յարձակողները սուրիական ընդդիմութեան ներկայացուցիչներն են:
Դպրոցը կը պատկանի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ ենթակայ է Դամասկոսի մէջ գտնուող թեմին: Հայկական դպրոցը կը գտնուի Համիտիէ շրջանին մէջ, ուր մեծամասնութիւնը քրիստոնեայ արաբներ են։
Ընդդիմադիր ուժերը, որոնք թալանած են հայկական եկեղեցին, դպրոցը վերածած են հիւանդանոցի եւ իրենց հանգստավայրի: Սուրիական բանակը այդ շրջաններուն մէջ գործողութիւններ չի կատարեր, որովհետեւ հոն մեծ թիւով բնակիչներ կան։
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Վահրամ քհնյ. Մելիքեան «eMedia.am»ի հետ զրոյցին ընթացքին յայտնած է, թէ եկեղեցին կապ հաստատած է Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալբանդեանի հետ, որ հաստատած է ընդդիմադիր ուժերուն կողմէ հայկական եկեղեցւոյ ու դպրոցի շէնքի գրաւման լուրը։
«Հայ համայնքի ու եկեղեցու կողմից այդ ուժերի հետ կապ է հաստատուել, որ վնաս չտրուի ո՛չ եկեղեցուն, ո՛չ դպրոցին: Անհրաժեշտ փաստաթղթերը դպրոցից արդէն դուրս են բերուել ու ներկայումս հայութիւնը միջնորդական ջանքեր է գործադրում, որ նպաստի խնդրի խաղաղ կարգաւորմանը», ըսած է Վահրամ քահանայ Մելիքեանը:
Ան նաեւ նշած է, որ զոհեր ու վիրաւորներ չկան:
Ի լուր Հոմսի մէջ Հայոց Եկեղեցւոյ Դէմ Կատարուած Յարձակումին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա., որ պաշտօնական այցով Իրան կը գտնուի Իրան, անմիջապէս հանդէս եկած է դատապարտող յայտարարութեամբ, որուն մէջ մասնաւորապէս, կը շեշտուի. «.... Կրօնական-եկեղեցական կեդրոններու եւ սրբութիւններու դէմ յարձակումը խստօրէն դատապարտելի է մեր կողմէ»։ Ըստ Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթին՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս յոյս յայտնած է, որ Սուրիան շուտով պիտի վերագտնէ իր խաղաղութիւնն ու միասնութիւնը: Ընդգծելով նաեւ որ «.... Հայ ժողովուրդը երախտապարտ է Սուրիոյ ժողովուրդին, որ ժամանակին իր գիրկը առաւ հայ ժողովուրդի զաւակները` Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ եղած հայորդիները: Հայ ժողովուրդը, ինչպէս միշտ, շեշտած է Վեհափառը, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Սուրիոյ ծաղկման ու, յատկապէս, խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման»։








All the contents on this site are copyrighted ©.