2012-05-23 12:36:42

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 23 մայիսի առաւօտեան ժամը 10.30 անց Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Շարունակելով աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւնները Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Սուրբ Հոգին մեզի կը սորվեցնէ դիմել Աստուծոյ, զայն կոչելով <<Հայր Մեր>>։ Յարուցեալին պարգեւն է ասիկա, որ մեզ կը դնէ Աստուծոյ հետ որդիական վստահելի յարաբերութեան մէջ։
Աստուծոյ հայրական այս խոր իրողութիւնը թող ջերմացնէ մեր սրտերը եւ սնուցանէ մեր աղօթքները։ Աստուած մեր Հայրն է որովհետեւ Ան մեր Արարիչն է։ Քրիտոնէական աղօթքը, մեզմէ դէպի Աստուած ուղղուած միակողմանի աղօթքը մը չէ, այլ փոխադարձ յարաբերութեան մը արտայայտութիւնն է, ուր Աստուած առաջինն է որ, Սուրբ Հոգիին միջոցաւ, կը ներգործէ։
Յիսուսի աղօթքը կը դառնայ նաեւ մեր աղօթքը։
Սիրելի բարեկամներ, մեր աղօթքով սորվինք <<վայելել>> Աստուծոյ որդիներ ըլլալու գեղեցկութիւնը։ Ու թոյլ տանք որ Սուրբ Հոգին ներգործէ մեր մէջ, որպէսզի մեր մտածումներն ու մեր ապրելակերպը միշտ աւելի համակերպին Յիսուսին։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող հազարաւոր ուխտաւորները ու ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակեալներուն։
Պենտեկոստէի օրուայ Սուրբ Հոգւոյն շնորհած պարգեւը թող նեցուկ ըլլայ ու սնուցանէ քրիստոնեայ հասարակութեան հաւատքի կեանքը ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
Սիրելի երիտասարդներ, յարեց Պենետիկտոս ԺԶ, ձեր կեանքի առաջնահերթութիւնը թող ըլլայ Աստուծոյ փնտռտուքը ու անոր հանդէպ Սէրը։ Սիրելի հիւանդներ թող Սուրբ Հոգին ըլլայ ձեզի օգնական եւ սփոփանք ձեր դժուար պահերուն ու դուք սիրելի նորապսակեալներ Սուրբ Հիգւոյն շնորհքով աւելի հաստատ եւ խոր դարձուցէք ձեր ընտանեկան միութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.