2012-05-23 12:36:31

Կարտինալ Քուրդ Քոխի Ելոյթը Համամիութեան Նիւթին Մասին։


Եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ նշանակումին երրորդ տարեդարձին առթիւ Կարտինալ Քուրդ Քոխ Աբիք կաթողիկէ լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ըսաւ . ՜՜Այս խորհուրդը կը նախագահեմ, զարգացնելու համար համամիութեան ոգին կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու՝ կապերը այլ եկեղեցիներու ու եկեղեցական համայնքներու հետ։
Այդ ուղղութեամբ՝ խորհուրդը ունի երկու բաժիններ. արեւելեան բաժինը որ կը հայի օրթոտոքս եկեղեցիներուն, իսկ արեւմտեան բաժինը Արեւմուտքի եկեղեցական համայնքներու ու Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին՝՝։ Կարտինալը դիտել տուաւ որ հաւատքի տեսանկիւնով վերանորոգիչ շարժումէն բխած յարանուանութիւններէն` լիւտերանական եկեղեցին ամէնէն մօտն է կաթողիկէ եկեղեցւոյ։
Խօսելով օրթոտոքս եկեղեցիներու մասին կարտինալը ըսաւ.՜՜ մեր կապերը անոնց հետ խորացան 60ական թուականէն ասդին, երջանկայիշատակ Պօղոս Զ Քահանայապետին Աթենակորաս Կ.Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարքին հետ հանդիպումէն ետք։
Ներկայիս կաթողիկէ եւ օրթոտոքս եկեղեցիները կ՝ուսումնասիրեն Քահանայապետի գլխաւորութեան հարցը եւ երկու եկեղեցիները համաձայն են որ Քրիստոսի Եկեղեցին կարիքը ունի ''գլխաւոր''ի մը` տեղական, շրջանային ու տիեզերական գետնի վրայ, ինչպէս որ էր պարագան նախքան եկեղեցւոյ մեծ բաժանումը 1054 թուականին։ Նշենք որ ներկայ համայն Ռուսիոյ Կիւրեղ պատրիարքը եւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը բազմաթիւ տարիներէ իրարզիրար կը ճանչան ու կը գնահատեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.