2012-05-22 14:53:06

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Հռոմի Լրատուութեան Ազգային Դաշնակցութեան կեդրոնի մէջ, երեքշաբթի 22 մայիսի առաւօտեան ժամը 11ին տեղի ունեցաւ <<լրագրութիւն եւ կրօնք>> վերտառութեամբ Հայր Ճուզեփփէ Գոսդայի, Ճուզեփփէ Մերոլայի եւ Լուգա Գարոզիի աշխատասիրութեամբ, ու Վատիկանի տպագրատան հովանաւորութեամբ տպագրուած եւ լոյս տեսած՝ հատորի ներկայացումը։ Ի շարս հանրածանօթ լրագրողներուն եւ անձնաւորութիւներուն, ներակայացման մասնակցեցաւ նաեւ Ընկերային Հաղորդակցութեանց Քահանայապետական խորհուրդի ենթաքարտուղարը՝ Տիար Անճէլօ Շէլցոն։

22- 25 մայիս Եւրոխորհուրդի <<գնչուներու>> հարցի մասնագէտները Սգոփիէի մէջ կը գումարեն իրենց ժողովը, ուսումնասիրելու՝ Եւրոպայի մէջ ապրող <<գնչուներու>> հարցը։ Սոյն ժողովին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ՝ Գաղթականութեան եւ Փախստականներու Քահանայապետական Խորհուրդէն պատուիրակութիւն մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.