2012-05-22 14:47:25

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Պատմութիւնը մարտնչում մըն է երկու սէրերու միջեւ. անձնասիրութեան եւ Աստուածսիրութեան միջեւ։ Այս մարտնչումի ընթացքին ՜՜բարեկամներ ունենալը՝՝ մեզի համար շատ կարեւոր է։ Այս խօսքերով Նորին Սրբութիւնը ուզեց ողջունել կարտինալական դասը որոնց հետ Երկուշաբթի 21 մայիսի կէսօրին Վատիկանի մէջ, ընտանեկան մթնոլորտի մէջ,մասնակցեցաւ եղբայրական ակափին, իր 85րդ տարեդարձին առթիւ։ Իր արտասանած շնորհակալական խօսքին սկիզբը, Նորին Սրբութիւնը գոհունակութիւն յայտնեց նախ եւ առաջ Տիրոջ, իրեն պարգեւած կեանքի երկար տարիներուն համար։ Հուսկ ակնարկեց այսօրուայ աշխարհին մէջ չարին դէմ պայքարին որ շատ անգամ կը ներկայանայ <<ծպտուած>> բարի երեւոյթով սակայն՝ իրականին մէջ, կործանելու համար ընկերութեան հիմերը։ Ուստի հարկ է որ, հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը, պայքար մղուի չարին դէմ։
Տէրը ըսաւ. <<Քաջութիւն ես յաղթեցի աշխարհին>>։
Մենք Տիրոջ <<խումբին>> կը պատկանինք ուրեմն յաղթական ենք, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակելով։

Սրբազան Քահանայապետի խօսքէն առաջ, յանուն կարտինալական դասին, ելոյթ ունեցած էր Կարտինալական Դասի Գահերեցը Կարտինալ Անճէլօ Սոտանոն ներկայացնելով Նորին Սրբութեան Բարի Տարեդարձի մաղթանքեր, ու ապահովելով բոլոր կարտինալներու նեցուկն ու մօտիկութիւնը ու եղբայրական զգացումները։








All the contents on this site are copyrighted ©.