2012-05-22 14:51:55

Ընտանիքներու Համաշխարհային 7րդ Օրուայ Ներկայացում։


22 մայիսի առաւօտեան ժամը 11.30 Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենաեկի ՅՊԲ անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մամլոյ Ասուլիս մը ներկայացնելու ՜՜ Ընտանիքներու Համաշխարհային 7-րդ Օրը՝՝ որուն բնաբանն է <<Ընտանիքը։ աշխատանք ու տօնակատարութիւն>> եւ որ տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ Միլանօ Քաղաքին մէջ 30 մայիսէն - 3 Յունիս։
Մամլոյ Աուսլիսին ելոյթ ունեցան Ընտանիքի Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահը` Կարտինալ Էննիօ Անթոնելլի, Միլանոյի Արքեպիսկոպոսը՝ Կարտինալ Անճէլօ Սքոլա եւ Փրոֆ. Փիէրբաօլօ Տոնաթի` դասատու Պոլոնիայի համալսարանի ընտանիքի ընկերաբանութեան, որ այս առթիւ ներկայացուց <<ընտանիքը՝ ընկերութեան աղբիւր>> վերտառութեամբ իր գիրքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.