2012-05-21 11:58:14

Տեղեկութիւններ


Կիրակի 20 մայիսին նշուեցաւ Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդի հիմնադրութեան 30 ամեակը։ Սոյն Խորհուրդը հաստատուած էր երջանկայիշատակ ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապետի կողմէ 20 մայիս 1982-ին եւ ունի որպէս նպատակ << նպաստել Սուրբ Աթոռի եւ Մշակոյթի աշխարհի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումին։>>


21 - 25 մայիս Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասը` Վատիկանի Սիւնհոդոսական սրահին մէջ կը գումարէ իր տարեկան լիանիստ Ժողովը որուն բացումը կը կատարէ վերոյիշեալ համահաւաք դասի նախագահ` Կարտինալ Անճէլօ Պանիասքոն։
Իտալիոյ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը պիտի քննարկէ իտալական եկեղեցւոյ հայող զանազան նիւթեր ըլլայ հովուական` ըլլայ ծիսական եւ ըլլայ տնտեսա-իրաւական գետնի վրայ։
Լիասնիստ Ժողովի ընթացքին պիտի շօշափուին նաեւ գաղթականներու հովութեան հարցը ու պիտի խօսուի Հաւատոյ Տարուայ առթիւ կազմակերպուած եպիսկոպոսներու ուսումնասիրական սեմինարի մասին ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ պիտի ներկայացուին երիտասարդներու համաշխարհային օրուայ` Միլանոի Ընտանիքներու Համշխարդային հաւաքի եւ Սրբազան Քահանայապետի նուիրուած ողորմութեան օրուայ մասին։ Ի վերջոյ ժողովականները պիտի վաւերացնեն 2012 - 2013 տարեշրջանի Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի հովուական գործունէութիւններու օրացոյցը։








All the contents on this site are copyrighted ©.