2012-05-20 13:07:55

Ափրիկէի Տնտեսութիւնը Կ’աճի Առանց Բնակչութեան Վիճակին Բարելաւման:


Ափրիկէի տնտեսութիւնը կը շարունակէ աճիլ` անկախ տնտեսական ճգնաժամէն, սակայն ափրիկեցիներուն գրեթէ կէսը դեռ կը շահի օրական 1,25 տոլարէն նուազ։ Այս մասին կը յայտնէ Ափրիկեան Յառաջադիմական Խումբը (APP):

Վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին տնտեսական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ Ափրիկէի տնտեսութեան զգալի աճը պիտի վտանգուի, եթէ հասարակական աճող անհաւասարութեան դէմ պայքարի միջոցներ չձեռնարկուին։ Այս մասին կը գրէ ՝՝The Guardian՝՝ պարբերականը` հիմնուելով APP-ի զեկոյցին վրայ, որ իրականացած է ՄԱԿ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղար Քոֆի Աննանի ղեկավարութեամբ:

Զեկոյցին համաձայն` ափրիկեան երկիրներու տնտեսութիւնները կ’աճին շատ աւելի արագ, քան որեւէ այլ տարածաշրջան աշխարհի մէջ` արագ զարգացող արտահանման եւ օտարերկրեայ ներդրումներու շնորհիւ: Սակայն կը նշուի, որ զգալի տարբերութիւն կայ փոքր մաս կազմող, սակայն զարգացող միջին խաւի եւ աղքատ ափրիկեցիներուն միջեւ:

Թէեւ տասը մարդոցմէ եօթը կ’ապրին այնպիսի երկիրներու մէջ, ուր տնտեսական աճը, միջինը կազմած է տարեկան աւելի քան 4%, ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ ափրիկեցիներուն կէսը դեռ ունի միջազգայնօրէն ընդունուած աղքատութեան նիշէն` 1.25 տոլարէն ցած եկամուտ:

2011-ին Կանա-ն ամենաարագ աճող տնտեսութիւնն էր աշխարհի մէջ, իսկ Եվթովպիան զարգացած է աւելի արագ, քան Չինաստանը հինգ տարուան մէջ` մինչեւ 2009:

«Յարատեւ անհաւասարութիւնները իրենց հետեւանքները կը ձգեն մայրցամաքին վրայ: Անոնք կը տկարացնեն հասարակութիւնները իրար միացնող վստահութեան եւ համերաշխութեան կապերը: Եթէ անհաւասարութիւնը չվերանայ՝ անիկա պիտի խաթարէ տնտեսական աճը, արտադրողականութիւնը եւ շուկաներուն զարգացումը»,- կը նշուի զեկոյցին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.