2012-05-19 12:29:30

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Շաբաթ 19 մայիս 2012, առաւօտեան ժամը 11ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ, ընդունեց` Միացեալ Նահանգներու Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Արեւելեան Եկեղեցիներու 15 առաջնորդները որոնց շարքին նաեւ՝ հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Տիրամայր Նարեկի Թեմի առաջնորդը՝ արհի. Միքայէլ Եպ. Մուրատեան։
Ժամը 12.15 անց Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց երեք եկեղեցական հաստատութիւններու աւելի քան 7000 անդամներուն, անոնց հիմնադրութեան տարեդարձերուն առթիւ։
Եկեղեցական հաստատութիւններն են.
ա. Միջազգային Կամաւորական սպասարկութեան Քրիստոնեայ Հաստատութիւններու դաշնակցութիւնը, որ իր հիմնարկութեան 40րդ տարեդաձը կը նշէ։ Այս դաշնակցութիւնը իր մէջ կ՛ընգրկէ աւելի քան 65 այլ կամաւորական կազմակերպութիւններ։
բ. Մշակոյթի յանձնառումով Եկեղեցական Շարժումը, որ այս տարի կը նշէ իր հիմնարկութեան 80րդ տարեդարձը։
գ։ Քրիստոնեայ Բանուորներու Շարժումը որ կ՛ամբողջացնէ իր գործունէութեան 40- ամեակը։
Իսկ յետ միջօրէին Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչ՝ Կարտինալ Մարք Ուելլէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.