2012-05-19 12:33:00

Մարեմեան Խորհրդածութիւն
ՄԱՅԻՍ ԱՄԻՍ


Մայիս ամիս...Սուրբ Կուսի նուիրուած ամիս...գեղեցկագոյնը՝ չորս եղանակներու. Գարնանային՝ թիւթիչ, հրապուրիչ ամիսը՝ Աստուածամօր եւ մայրերու նուիրուած «Ամիսը» Մայիս...։ Ինքնաբերաբար մեր մտքերը կը վերանան Տիրամօր ու սրտերը կը ցնծան... Տիեզերքի գեղեցկութիւնը եւ յատկապէս անոր Արարչին Աստուծոյս առջեւ եւ ամբողջ տիեզերքի ստեղծագործութիւնը մարդուն...բնութեան...երկնային արարածներուն՝ եւ մանաւանդ Տիրամօր...Սուրբ Կուսին... Գլուխ Գործոցը աշխարհիս սքանչելի ստեղծագործութեան մէջ։
Ինչպէս կÿերգէ մեր Նարեկացին ու գովքը կÿընէ Սուրբ Կուսին՝ կÿըսէ.
«Հրեշտակ ի մարդկանէ...մարմնատեսիլ Քերովբէ..
.անխառն իբրեւ զօդ, Մաքուր որպէս լոյս,...Եդեմ շնչական...
Ծառ կենացն անմահից... բոցեղէն սրովն պարունակեալ...
Ի բարձրեալն Հօրէ զօրացեալ եւ հովանացեալ՝ հանգստեամբ Հոգւոյն...Հանդերձեալ եւ մաքրագործեալ... բնակութեամբ Որդւոյն յարդարեալ եւ Տաղաւարեալ...Միածինն Հօր...եւ Քեզ Անմդրանիկ Որդի Քո՛ ծննդեամբ...եւ Տէր Արարչութեամբ...»

Աստուածամայրը՝ նաեւ Մայրն է մեր...։ Սէրը՝ Սուրբ Կուսին հանդէպ, ջերմեռանդութիւնը՝ Տիրամօր նկատմամաբ կարծեմ ամէնքս ալ ընդունեցանք մեր մօր, մեր մայրերու ծունկերուն վրայ։
Հայ Քոյրերուս համար ի՞նչ է մակարդակը ջերմեռանդութեան Սուրբ Կուսին հանդէպ մեր ունեցած ջերմեռանդութեան...

165 տարիներէ գոյութիւն ունին «Հայ Քոյրերը՝ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը։ Այս անունով ճանչցուած ենք Հայ Քոյրերս...
Այս է մեր խորհրդանիշ անունը՝ տիտղոսը...
Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւն եւ մեր Հիմնադիր Հայրը՝ Կարդինալ Անտոն Հասուն՝ Միաբանութիւնը այսպէս յորջորջած է. «Սա Տիրամօր Տունն է»։

Ուստի մենք իր հարազատ դուստրները Միաբանութեանս՝ ունինք թանկագին յիշատակ մը, ան է Անարատ Յղացեալ Սուրբ Կուսին իւղաներկ սրբապատկերը՝ ուր Աստուածամայրը՝ ոտքոը օձին գլուխը կը ճզմէ...։

0 Այս պատկերը թանկագին է մեզի համար որովհետեւ մեր սրբակեաց Հայրը հոգին աւանդած պահուն՝ աչքերը սեւեռած պահած է Սոյն Տիրամօր վրայ։ Եւ ապա մեր բոլոր վանատուներու խորանները ընդհանրապէս գրաւուած են Տիրամօր պատկերներով...ոչ միայն խորանները այլ ընդհանուր բոլոր Քոյրերուս սրտերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.