2012-05-19 12:10:06

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէսը։


Հինշգաբթի, 17 մայիս 2012-ին, երեկոյեան, վարժարանի բակին մէջ, տեղի ունեցաւ Մեսրոպեան Բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու աւարտական աշակերտեներու վկայականներու բաշխումի ամավերջի հանդէսը, ներկայութեամբ Լիբանանի Հայ կաթողիկէ վարժարաններու նախագահ՝ արհի. հայր Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանի, Լիբանանի Կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղար Հայր Պութրոս Ազարի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչին, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, կրթական գործիչներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգներէ ետք, խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ որ շնորհաւորեց վկայեալները ու շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք տարբեր ձեւերով թիկունք կը կանգնին վարժարանին: Գեղարուեստական յայտագրին՝ երգ , ասմունք, Մնջախաղի իւրայատուկ ներկայացում եւ հայկական պարեր, իրենց մասնակցութիւնը բերին, վարժարանի աշակերտները որոնք նաեւ իրենց սրտի խօսքը արտասանեցին։ Օրուան պատգամը փոխանցեց Հայր Պութրոս Ազար, որ շեշտեց, թէ Համբարձման օրը այս հանդիսութիւնը կազմակերպելը էապէս ունի քրիստոնէական իր յատուկ նշանակութիւնը: Ան նշեց, թէ հայութիւնը իրենց արմատներուն կառչելով եւ Լիբանանին ծառայելով էապէս կը կատարեն իրենց ազգային եւ քաղաքացիական պարտականութիւնները: Լիբանանի դպրոցներու վիճակին մասին խօսելով, Լիբանանի Կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղարը ըսաւ, որ պէտք է այդ մարզին մէջ մեծ բարեկարգումներ եւ փոփոխութիւններ կատարուին: Հայր Ազար շրջանաւարտներուն յայտնեց, որ պէտք է պայքարին իրենց ի խնդիր իրենց իրաւունքներուն եւ ի դէմ խաւարին:
Այս առթիւ ներկաները դիտեցին շրջանաւարտներու վարժարանի օրերուն նուիրուած տեսաերիզ մը: Նաեւ՝ տեղի ունեցաւ յառաջիկայ տարեշրջանի շրջանաւարտներուն «Մեսրոպեանի Վահան»ի փոխանցումը որմէ ետք՝ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ պրն.Անդրանիկ Մսըրլեան եւ վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ կատարեցին մրցանակաբաշխութիւնը: Իր կարգին, Արհիապատիւ Հայր Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան շրջանաւարտներուն ըսաւ. «Դուք բարիքներով եւ գիտութեամբ պիտի երթաք դէպի նոր աշխարհ: Կ՚երթաք մեծ երազներով, բայց մի մոռնաք որ կեանքը փորձառութիւններու դպրոց է»: Հայր Թէյրուզեան կոչ ուղղեց պահպանելու լեզուն, եկեղեցին, հայրենիքը, աւանդութիւններն ու Մեսրոպեան վարժարանը:
Աւարտին, տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում եւ շնորհաւորութիւններու ընդունում








All the contents on this site are copyrighted ©.