2012-05-19 12:12:59

Թեհրանի Մէջ Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսի Եւ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհիապատիւ Նշան Արք. Քարաքեհէեանի Միջեւ։


Երեքշաբթի 15 Մայիսին, Թեհրանի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի առաջնորդ՝ Գերպ. Նշան Արք. Քարաքեհէեան այցելեց Վեհափառ Հայրապետին, Թեհրանի Հայոց առաջնորդարանին մէջ: Ան բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառին եւ հրաւիրեց զինք այցելելու Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդարանը: Յաջորդ օրը Վեհափառը Թեհրանի ու Սպահանի Առաջնորդ Սրբազաններուն, միաբան հայրերուն եւ ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեց Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարան: Եկեղեցւոյ մուտքին, Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ Գերապայծառին կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ կարճ արարողութիւն մը: Ապա Գերապայծառը բարի գալստեան խօսք ուղղեց Վեհափառին, որուն պատասխանելով Վեհափառը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի նոյն ազգի պատկանող զաւակներու այլ հոգեւոր տան մը մէջ: Ան շեշտեց Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու միջեւ գործակցութեան հրամայական անհրաժեշտութիւնը: ՙՈեւէ ժամանակէ աւելի մեր ազգը կարիքը ունի ներքին միասնականութեան եւ այս ուղղութեամբ մենք մեր կարելին պէտք է կատարենք՝ ի խնդիր մեր ազգի գերագոյն շահերուն՚, ըսաւ Վեհափառը: Իր խօսքի աւարտին Վեհափառը ձեռաց խաչ մը նուիրեց Գերապայծառին: Ապա եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը, որու ընթացքին Վեհափառը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.