2012-05-18 12:16:38

Տոմենիքեան Հայրերու ''"Sources" Պարբերաթերթի Վերլուծումը Կրօնուսուցումի Մասին։


Հաւատքը փոխանցելի՞ է -
Տոմենիքեան հայրերու ''Սուրս'' կոչուած պարբերաթերթը իր վերջին թիւին մէջ վերլուծում կատարած է կրօնուսուցումի մասին հարց տալով որ արդեօ՞ք հաւատքը փոխանցելի՞ է։ Եւ ունենալու համար պատասխանը, դիմում կատարած է յանձնառու մանկավարժերու, աստուածաբաններու ու կրօնուսոյցներու։
Պարբերաթերթը իր խմբագրականը կը սկսի մէջբերելով Յարուցեալ Քրիստոսի ուղղած խօսքը Մարիամ Մագդաղենացիին Ս.Զատկուայ Առաւօտուն. որ է՝ ՜՜Գնա' ըսէ իմ եղբայրներուս։ Մահը վերջին խօսքը չունի՝՝։
Այս աւետիսը 2000 տարիէ ի վեր կը հռչակուի։ Ամէն ազգէ այրեր ու կիներ կ'առաջարկեն ու հաւատալի կը դարձնեն Զատկական Պատգամը, սակայն անոնք բնաւ պիտի չկարողանան փոխանակել ''կը հաւատամ'' եւ ''կը տեսնեմ'' բառերը, կը գրէ եղբայր Կի Միւզի իր խմբագրականին մէջ։ Պատասխանը կը գտնենք հաւանութեան գետնի վրայ, որ զուտ անձնական կրնայ ըլլալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.