Նոր Աւետարանացումը Եւ Քրիտոնեական Հաւատքի Փոխանցումը
Նոր աւետարանացումը եւ աղանդները (2) Մեր աշխարհը այսօր, յատկապէս
Հայաստանը թատերաբեմ է բազմաթիւ կրօնական շարժումներու կամ աղանդներու, որոնք իրենց գործունէութեամբ
կը փորձեն մեզ համոզել թէ իրենք Ճշմարտութեան լոյսը կը սփռեն մեր մէջ: Նոր Հայկազեան
Բառարանը, ինչպէս նաեւ Մալխասեանցի Բացատրական բառարանը հերձուածը կը սահմանեն որպէս
«Եկեղեցիէն ներս յառաջացող ճեղքուած, բաժանում», իսկ աղանդը կը սամհմանէն որպէս օտար
կրօն, այսինքն քրիստոնէական Եկեղեցիէն դուրս գտնուող կրօնական ուղղութիւնները: Նոր Կտակարանի
յունարէն թարգմանութիւնը կ’օգտագործէ երկու բառ՝ heresis եւ heretikos, որոնք սովորաբար
կը թարգմանուին ե՛ւ հերձուած, ե՛ւ աղանդ բառերով: Աղանդները կարելի է բաժնել երկու
դասի՝ իրենց ենթադասերով: Ա. Քրիստոնէութեան հետ անմիջական առնչութիւն ունեցող դաս: Քրիստոնէական
հերձուածներ կամ աղանդներ, որոնց թիւին կարելի է ընդգրկել հայ հոգեգալստականները, Քարիզմադները
եւ ատուենդիստները: Կեղծ քրիստոնէական ուղղութիւններ, որոնց մէջ կարելի է ընդգրկել
մորմոնները եւ Եհովայի վկաները: Այս ենթադասի մասին է միայն պիտի անդրադառնանք յետագային: Նորագոյն
ուղղութիւններ , որոնցմէ Հայաստանի մէջ կը ներկայանան մունիստները (Միաւորման եկեղեցի),
ինչպէս նաեւ Նոր դարը (New age) Արեւելքի միստիկ կրօնական ուղղութիւններու վերածնունթն
է արեւմուտքի մէջ:
Բ. Ոչ քրիստոնէական աղանդներ, որոնց մէկ մասը կը սիրէ ներկայանալ
ոչ-կրօնական շարժումով, մինչդեռ էութեան մէջ կրօնական հոսանքներ են: Այս դասին մէջ կ’իյնան
Արեւելեան կրօնական հոսանքները, իրենց տարատեսակներով՝ Հարէ կրիշնա եւ ՏՄ: Արժանապատիւ
Տէր Ղեւոնդ Քահանայ Մայիլեան, շատ հետաքրքրական աշխատասիրութիւն մը պատրաստած է «Ժամանակակից
Աղանդները Հայաստանում» խորագրով, որուն մէջ Տէր Հայրը վերլուծական ձեւով կ’ուսումնասիրէ
Հայաստան աշխարհի մէջ տեղ գտած աղանդներու ծագման, զարգացման, պատմական եւ հոգեւոր զանազան
շերտերը: Ան, նախաբանին մէջ կը պարզէ այն «աստուածաբանական» երկերը որ արդէն կը պատրաստուին
թարգմանուելու կամ թարգմանուած են արեւելահայերէնի, ինչպիսին՝ Մորմոնի զրբազան գիրգը,
Եհովայի Վկաներու «Դիտարանի» պաշտօնական ամսագրին 1998-1999 թուականներու համարները
որ արդէն արեւելահայերէն լեզուով ու ուղղագրութեամբ տարածուած են Երեւանի կանգակառներուն
ու Մետրոյի կայարաններուն մէջ: Տէր Հայրը իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ ըսելով.« Ի՞նչ կը
սպասէ մեզ մօտ ապագային: Կարելի է ենթադրել, որ հայերէնի կը թարգմանուին եւ կը տարածուին
Մունի ու Խաբարդի ընտիր «երկերը», Լա Վեյի «Սատանայի աստուածաշունչը» եւ այդ ամէնը սկուտեղի
վրայ դրուած կը հրամցուի մեզի»: Ցաւալին ոչ թէ այդ գիրքերուն երեւան գալն է, կը շարունակէ
Տէր Ղեւոնդը, այլ այն որ անոնք ունենալու են իրենց հետեւորդներն ու ջատագովները, որոնք
ուշ թէ կանուխ կազմելու են կրօնական համայնքներ (աղանդներ), իրենց ուրոյն դաւանանքով
ու աշխարհայեացքով»: Այսօր, անհրաժեշտութիւն կը թուի մեզի, որպէս Եկեղեցի մեր աւետարանացումով
հակադրուիլ աղանդաւորական շարժումներուն սուրբգրային վարդապետութեամբ, քանի որ ժամանակակից
աղանդաւորները կը յարձակին ոչ միայն քրիստոնէական Եկեղեցւոյ վրայ, այլեւ քաղաքակրթութեան,
առողջ բաանականութեան վրայ ընդհանրապէս: Մեր յաջորդ հաղորդումին նիւթը պիտի ըլլայ
մորմոնները կամ Մորմոնականութիւնը: