2012-05-18 12:13:52

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մէջ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողով։


Նախագահութեամբ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, 15 Մայիսին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը, որու ընթացքին քննարկուեցան թեմական, կալուածական, ծիսական եւ կարգապահական հարցերը։
Ժողովին ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ, վերջերս Վրաստանի մէջ երկրաշարժի եւ ջրհեղեղի հետեւանքով տեղի ունեցած ողբերգական դէպքերուն, որոնց ընթացքին զոհուեցան Վրաստանի քաղաքացիներ։ Այս առնչութեամբ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամները ցաւակցութիւն յայտնեցին վրացի ժողովուրդին, իշխանութիւններուն եւ Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ։
Ցաւ յայտնելով որ երկրաշարժի պատճառով Թբիլիսիի Սուրբ Նշան հայկական եկեղեցւոյ զանգակատան փուլ եկած է։
Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տ Վազգէն եպ. Միրզախանեան ժողովականներուն տեղեկութիւններ փոխանցեց Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ վթարային վիճակի եւ այս ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերու մասին։
Ժողովին քննարկուեցան թեմերու գործունէութեան առնչուող շարք մը խնդիրներ, կապուած՝ եկեղեցապատկան կալուածներու հետ։ Յանձնարարուեցաւ արագացնել Մայր Աթոռ Ս Էջմիածնին իրաւականօրէն չպատկանող, պատմամշակութային յուշարձանի կարավիճակ ունեցող այն եկեղեցիներու եւ սրբավայրերու ցանկագրման եւ ներկայացման գործընթացը, որոնք անհրաժեշտ են թեմերուն գործունէութեան արդիւնաւէտ իրականացման համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.