2012-05-18 12:13:41

Լիբանանի Տիւրզիներու Հոգեւոր Պետ՝ Շէյխ Նայիմ Հասանի Նամակը Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս Պատրիարքին:


Հինգշաբթի, 17 մայիսին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքը, նամակ մը ստացաւ Լիբանանի Տիւրզիներու հոգեւոր պետ՝ շէյխ Նաաիմ Հասանէն, ի պատասխան Հոգեւոր Տիրոջ ուղղած ցաւակցական ուղերձին, Լիբանանի Տիւրզիներու համայնքապետ շէյխ Ապու Մուհամմատ Ժաուատ Ուալիյիտին վախճանման համար: Նամակին մէջ, շէյխ Նաաիմ Հասան իր խորին շնորհահալութիւնը կը յայտնէ հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան ցաւակցութեան համար, աղօթելով առ Աստուած, որ հանգուցեալին օրինակին հետեւելով լիբանանցիք գործեն ի սպաս իրենց հայրենիքի ընդհանուր բարիքին եւ խաղաղութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.