2012-05-18 12:14:04

Ատրպէյճանի Խորհրդարանի Երեք Հոգինոց Պատուիրակութիւնը Հայաստան Պիտի Այցելէ:


Ինչպէս որ կը տեղեկացնէ ԱՊԱ գործակալութիւնը, Պատուիրակութիւնը Հայաստան պիտի այցելէ մասնակցելու համար Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Խորհրդարանական Վեհաժողովի 39-րդ նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ: Ատրպէյճանական պատուիրակութեան կազմին մէջ պիտի ըլլան Ասաֆ Կաճիեւ, Մուսա Կուլիեւ, եւ Ժալիա Ալիեւա:
Երեւանեան նիստին ընթացքին կազմակերպութեան մէջ նախագահութիւնը Հայաստանէն պիտի փոխանցուի Ատրպէյճանին: ՍԾՀԽ-ի 40-րդ նիստը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ աշնան` Պաքուի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.