2012-05-18 12:14:15

Ամերիկայի Ամենափոքր Նահանգի Rhode Island-ի Օրէնսդիրները Բանաձեւով Մը Կոչ Ըրած են Ճանչնալու՝ Լեռնային Ղարաբաղի Անկախութիւնը։


ԱՄՆ-ի Ռոտ Այլընտ նահանգի Քոնկրէսը ընդունած է բանաձեւ մը , ուր ԱՄՆ-ի նախագահին եւ դաշնակցային Քոնկրէսին կոչ կ’ընէ ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը։
Բանաձեւով նաեւ կը խրախուսուին հանրապետութեան` «իբրեւ ազատ եւ անկախ ազգ զարգանալու շարունակական ջանքերը»: Ինչպէս նաեւ` գնահատանք կը յայտնուի Արցախի` «միջազգային հանրութիւն կառուցողական ներգրաւման եւ անոր` «գոյութիւն ունեցող տարածաշրջանային խնդիրներու տեւական լուծման հասնելու ջանքերու» առիթով:
«Ես երախտիքս կը յայտնեմ Ռոդ Այլընտի Քոնկրէսին այս բանաձեւը ընդունելու համար` ի նպաստ Ղարաբաղի ազատութեան ձգտման, եւ յոյս ունիմ, որ մարդու իրաւունքներու եւ ազատութեան մեր ընդհանուր արժէքներու ընդունումը օրէնսդիրի կողմէ օրինակ կը ծառայէ ԱՄՆ-ի այլ օրէնսդիր մարմիններու համար ըսած է ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի մէջ ԼՂՀ մշտական Ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.