2012-05-17 11:42:09

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի` եւ Սուրբ Աթոռի ու Հրեաներու միջեւ կրօնական յարաբերութիւնները խորհուրդի Նախագահ` Կարտինալ Գիւրտ Գոխը` Հռոմի Տոմինիքեան հայրերու Սուրբ Թովմաս Աքուինացիի համալսարանի մէջ չորեքշաբթի 16 մայիսի յետ միջօրէին նախագահեց` <<2012 Berrie Lecture>> ձեռնարկը որ կազմակերպուած էր ՅՊԲ անուան միջկրօնական երկխօսութեան կեդրոնի կողմէ։ Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ Ռաբունապետ Ժագ Պէմբորատի դասախօսութիւնը։

Այս օրերուս (16 - 18 մայիս) Իտալիոյ Գալիարի քաղաքի մէջ տեղի կ՛ունենայ խորհրդաժողով մը “MigraMed 2012” վերտարութեամբ որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն զանազան երկիրներու Գարիթասի պատասխանատուներ։ Խորհրդաժողովի շօշափած նիւթերն են Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Ափրիկէի տագնապի հետեւանքները, երկխօսութիւնը եւ գաղթականութեան հարցի հեռանկարները։

17-18 մայիս ոչ հաւատացեալներու հետ երկխօսութիւն հաստատելու <<Ոչ Հաւատացեալներու Գաւիթ>> անուամբ վատիկանեան ծրագիրը հանգրուան կը կատարէ Պարչէլլոնա։ Նշենք որ սոյն ծրագիրը կազմակերպուած է Քահանայապետական մշակոյթի Խորհուրդի կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.