2012-05-17 13:08:47

Յունաստանի Յառաջիկայ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները՝ 17 Յունիսին։ Յոյները Արդէն Դրամատուներէն Իրենց Գումարները Կը Վերցնեն։


Յունաստանի մէջ համաձայնական կառավարութիւն ձեւաւորելու բանակցութիւնները յաջողութեամբ չեն աւարտած,ինչպէս ծանօթ է: Յունաստանի մէջ համաձայնական կառավարութիւն մը կազմելու ջանքերուն ձախողութենէն ետք յայտարարուեցաւ, որ 17 Յունիսին դարձեալ խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան: Մինչ այդ կազմուած անցքի կառավարութիւնը պիտի առաջնորդէ մինչեւ ընտրութիւններ՝ 67ամեայ Դատաւոր Բանայոթիս Փիքրամէնօս։
«Ներկայ պահու դրութեամբ յոյները դրամատուներէն վերցուցած են շուրջ 700 միլիոն Էուրօ: Տակաւին խուճապ չկայ, սակայն գոյութիւն ունի մեծ մտավախութիւն, որ կրնայ խուճապի վերածուիլ», ըսած է Յունաստանի նախագահ Քարոլոս Փափուլիաս:








All the contents on this site are copyrighted ©.